«Մեր տունը կ՚այրի» Մաքրոն Ամազոնի հրդեհներուն անդրադարձաւ

Ֆրանսայի  նախագահ Էմանուէլ Մակրոն խոր մտահոգութիւն   յայտնած  է  Պրազիլի Ամազօնի արեւադարձային անտառներուն մէջ  մեծ  թիւով հրդեհներու  վերաբերեալ   իրավիճակը  կոչելով  «միջազգային ճգնաժամ»։ Մաքրոն նաեւ  ըսած է, որ այդ  հարցը  պիտի քննարկուի «Մեծ Եօթնեակի» (G7) օրերս կայանալիք գագաթնաժողովի  ընթացքին   «Մեր տունը կ‘այրի: Ամազօնեան անտառները, որոնք մոլորակի թթուածինի  20%-ն կ‘արտադրեն, կ‘այրին:  Եղածը միջազգային ճգնաժամ է: G7-ի անդամ երկիրներ, եկեք առաջնահերթ կերպով  քննարկենք այդ հարցը»,- Twitter-եան իր էջով   գրած է նախագահը:    Իր կարգին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտոնիո Կութէրէս նոյնպէս մեկնաբանած է Ամազօնի  անտառներուն մէջ բռնկած հրդեհները՝ նշելով, որ «խորապէս մտահոգուած» է  այդ  առնչութեամբ:  
23 Օգոստոսի 2019
2 ր. ընթերցում
«Մեր տունը կ՚այրի» Մաքրոն Ամազոնի հրդեհներուն անդրադարձաւ

Ֆրանսայի  նախագահ Էմանուէլ Մակրոն խոր մտահոգութիւն   յայտնած  է  Պրազիլի Ամազօնի արեւադարձային անտառներուն մէջ  մեծ  թիւով հրդեհներու  վերաբերեալ   իրավիճակը  կոչելով  «միջազգային ճգնաժամ»։ Մաքրոն նաեւ  ըսած է, որ այդ  հարցը  պիտի քննարկուի «Մեծ Եօթնեակի» (G7) օրերս կայանալիք գագաթնաժողովի  ընթացքին

 

«Մեր տունը կ‘այրի: Ամազօնեան անտառները, որոնք մոլորակի թթուածինի  20%-ն կ‘արտադրեն, կ‘այրին:  Եղածը միջազգային ճգնաժամ է: G7-ի անդամ երկիրներ, եկեք առաջնահերթ կերպով  քննարկենք այդ հարցը»,- Twitter-եան իր էջով   գրած է նախագահը:

 

 Իր կարգին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտոնիո Կութէրէս նոյնպէս մեկնաբանած է Ամազօնի  անտառներուն մէջ բռնկած հրդեհները՝ նշելով, որ «խորապէս մտահոգուած» է  այդ  առնչութեամբ:

 

Ամերիկաբնակ հայեր դատի տուած են Թուրքիան. Պատճառը Անգարայի արգելքներն են
Նախորդ նիւթը

Ամերիկաբնակ հայեր դատի տուած են Թուրքիան. Պատճառը Անգարայի արգելքներն են

Ատրպէյճանեան կործանիչներու տագնապը կը շարունակուի. Կործանուած է ՄԻԿ-29 ինքնաթիռ մը
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանեան կործանիչներու տագնապը կը շարունակուի. Կործանուած է ՄԻԿ-29 ինքնաթիռ մը

ԱնցնիլՎեր