Ամերիկեան կարգաւորիչը Moderna-ի պատուաստանիւթը համարած է անվտանգ եւ արդիւնաւէտ

ԱՄՆ Սննդամթերքի եւ դեղորայքի որակի առողջապահական հսկողութեան վարչութիւնը (FDA) Moderna ընկերութեան մշակած պատուաստանիւթը համարած է անվտանգ եւ արդիւնաւէտ, կը հաղորդէ Bloomberg-ը՝ յղում ընելով գերատեսչութեան զեկոյցին: Զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ պատուաստանիւթի արդիւնաւէտութիւնը կը կազմէ 94,1%: Ըստ զեկոյցի՝ պատուաստանիւթը գրեթէ միանման արդիւնաւէտ է տարբեր ցեղային եւ էթնիք խումբերու համար: Ընդ որում, մշակումը ցոյց տուած է 86,4% արդիւնաւէտութիւն 65 տարեկանէն բարձր անձանց խումբի եւ 95,6%՝ 18-65 տարեկան անձանց խումբի համար: Զեկոյցը հրապարակուած է ԱՄՆ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ գերատեսչութիւններու փորձագէտներու խումբի հանդիպման նախաշեմին: Հանդիպման ժամանակ մասնագէտները որոշում պիտի կայացնեն, թէ արդեօք պէտք է տուեալ պատուաստանիւթը խորհուրդ տալ զանգուածային պատուաստման համար, թէ՝ ոչ, կը
16 Դեկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Ամերիկեան կարգաւորիչը Moderna-ի պատուաստանիւթը համարած է անվտանգ եւ արդիւնաւէտ

ԱՄՆ Սննդամթերքի եւ դեղորայքի որակի առողջապահական հսկողութեան վարչութիւնը (FDA) Moderna ընկերութեան մշակած պատուաստանիւթը համարած է անվտանգ եւ արդիւնաւէտ, կը հաղորդէ Bloomberg-ը՝ յղում ընելով գերատեսչութեան զեկոյցին:

Զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ պատուաստանիւթի արդիւնաւէտութիւնը կը կազմէ 94,1%:

Ըստ զեկոյցի՝ պատուաստանիւթը գրեթէ միանման արդիւնաւէտ է տարբեր ցեղային եւ էթնիք խումբերու համար: Ընդ որում, մշակումը ցոյց տուած է 86,4% արդիւնաւէտութիւն 65 տարեկանէն բարձր անձանց խումբի եւ 95,6%՝ 18-65 տարեկան անձանց խումբի համար:

Զեկոյցը հրապարակուած է ԱՄՆ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ գերատեսչութիւններու փորձագէտներու խումբի հանդիպման նախաշեմին: Հանդիպման ժամանակ մասնագէտները որոշում պիտի կայացնեն, թէ արդեօք պէտք է տուեալ պատուաստանիւթը խորհուրդ տալ զանգուածային պատուաստման համար, թէ՝ ոչ, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը:

1 Դեկտեմբերին Moderna-ն յայտնած է, որ հարցում ուղարկած է FDA-ին «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի արտակարգ օգտագործման թոյլտւութիւն ստանալու համար: Աւելի վաղ հաղորդուած է պատուաստանիւթի 94,1%  արդիւնաւէտութեան մասին:

Աւելի վաղ FDA-ն հաւանութիւն տուած է Pfizer եւ BioNTech ընկերութիւններու պատուաստանիւթերու կիրառման: Նախօրէին ԱՄՆ-ի մէջ մեկնարկած է զանգուածային պատուաստումը:   

Ռուս խաղաղապահները արգիլած են, որ Ատրպէյճանցի լրագրող՝ Ֆաթուլաեւին մուտք գործէ Դադիվանք
Նախորդ նիւթը

Ռուս խաղաղապահները արգիլած են, որ Ատրպէյճանցի լրագրող՝ Ֆաթուլաեւին մուտք գործէ Դադիվանք

Թուրքիան կրնայ վրէժ լուծել ԱՄՆ պատժամիջոցներու համար` պահանջելով լքել Ինճիրլիք ռազմակայանը
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիան կրնայ վրէժ լուծել ԱՄՆ պատժամիջոցներու համար` պահանջելով լքել Ինճիրլիք ռազմակայանը

ԱնցնիլՎեր