Թուրքիան կրնայ վրէժ լուծել ԱՄՆ պատժամիջոցներու համար` պահանջելով լքել Ինճիրլիք ռազմակայանը

Լուրեր կը շրջանառուին, որ Թուրքիան կրնայ պատասխան հարուած հասցնել Միացեալ Նահանգներուն` պահանջելով լքել Ինճիրլիք ռազմակայանը, վերջին շրջանին իր պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն համար, գրած է Ahval-ը: Լրագրող Զուիֆիգար Տողանի խօսքով` այս տարբերակը որպէս պատասխան քայլ կ’առաջարկուի: Նախоրէին պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ Turkish Defense Industries-ի (SSB) նախագահի եւ աշխատակիցներու դէմ` Անգարայի կողմէ ռուսական S-400 համակարգերու ձեռքբերման կապակցութեամբ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած էր որոշումը` յայտարարելով, որ մտադիր է պատասխան քայլեր ձեռնարկել իր հայեցողութեամբ: Ինճիրլիք ռազմակայանը տասնամեակներ շարունակ համատեղ կը շահագործուի ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու կողմէ եւ կարեւոր յենակէտ է ԱՄՆ գործողութիւններու համար
16 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Թուրքիան կրնայ վրէժ լուծել ԱՄՆ պատժամիջոցներու համար` պահանջելով լքել Ինճիրլիք ռազմակայանը

Լուրեր կը շրջանառուին, որ Թուրքիան կրնայ պատասխան հարուած հասցնել Միացեալ Նահանգներուն` պահանջելով լքել Ինճիրլիք ռազմակայանը, վերջին շրջանին իր պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն համար, գրած է Ahval-ը:

Լրագրող Զուիֆիգար Տողանի խօսքով` այս տարբերակը որպէս պատասխան քայլ կ’առաջարկուի: Նախоրէին պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ Turkish Defense Industries-ի (SSB) նախագահի եւ աշխատակիցներու դէմ` Անգարայի կողմէ ռուսական S-400 համակարգերու ձեռքբերման կապակցութեամբ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած էր որոշումը` յայտարարելով, որ մտադիր է պատասխան քայլեր ձեռնարկել իր հայեցողութեամբ:

Ինճիրլիք ռազմակայանը տասնամեակներ շարունակ համատեղ կը շահագործուի ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու կողմէ եւ կարեւոր յենակէտ է ԱՄՆ գործողութիւններու համար Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:

Ամերիկեան կարգաւորիչը Moderna-ի պատուաստանիւթը համարած է անվտանգ եւ արդիւնաւէտ
Նախորդ նիւթը

Ամերիկեան կարգաւորիչը Moderna-ի պատուաստանիւթը համարած է անվտանգ եւ արդիւնաւէտ

Ես ինձ համարում եմ թիւ մէկ պատասխանատուն, բայց չեմ համարում թիւ մէկ մեղաւորը․ Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Ես ինձ համարում եմ թիւ մէկ պատասխանատուն, բայց չեմ համարում թիւ մէկ մեղաւորը․ Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր