ԱՄԷ-ի մէջ պիտի բացուի երեք կրօններու տաճարը

Արաբական երեք կրօններու՝ քրիստոնէութեան, իսլամի եւ յուդայականութեան տաճարը կը նախատեսուի բանալ յաջորդ տարի (2022) Ապու Տապիի մէջ: Այս մասին յայտնած է  Ռուսաստանի մէջ ԱՄԷ-ի դեսպան Մուհամմատ Ալ Ճապէրը:  Ան հաղորդած է, որ հրէական թանգարանին մէջ եւ հանդուրժողականութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հաստատութեան եւ ԱՄԷ դեսպանատան միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի ստորագրում։ Միջոցառումը նուիրուած եղած է եղբայրութեան միջազգային օրուան, որ ՄԱԿ-ը հռչակած է Էմիրութիւններու, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Պահրէյնի նախաձեռնութեամբ: «2022 թուականին Ապու Տապիի մէջ կը նախատեսուի բանալ աշխարհի երեք կրօններու ՝ իսլամի, քրիստոնէութեան, յուդայականութեան տաճարը։ Այն պիտի կոչուի «Աբրահամի ընտանիքի տուն»,-ըսած է դեսպանը միջոցառման ժամանակ։ Կրօնական համալիրը, անոր խօսքով, պիտի
9 Փետրվարի 2021
3 ր. ընթերցում
ԱՄԷ-ի մէջ պիտի բացուի երեք կրօններու տաճարը

Արաբական երեք կրօններու՝ քրիստոնէութեան, իսլամի եւ յուդայականութեան տաճարը կը նախատեսուի բանալ յաջորդ տարի (2022) Ապու Տապիի մէջ: Այս մասին յայտնած է  Ռուսաստանի մէջ ԱՄԷ-ի դեսպան Մուհամմատ Ալ Ճապէրը:

 Ան հաղորդած է, որ հրէական թանգարանին մէջ եւ հանդուրժողականութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հաստատութեան եւ ԱՄԷ դեսպանատան միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի ստորագրում։ Միջոցառումը նուիրուած եղած է եղբայրութեան միջազգային օրուան, որ ՄԱԿ-ը հռչակած է Էմիրութիւններու, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Պահրէյնի նախաձեռնութեամբ:

«2022 թուականին Ապու Տապիի մէջ կը նախատեսուի բանալ աշխարհի երեք կրօններու ՝ իսլամի, քրիստոնէութեան, յուդայականութեան տաճարը։ Այն պիտի կոչուի «Աբրահամի ընտանիքի տուն»,-ըսած է դեսպանը միջոցառման ժամանակ։

Կրօնական համալիրը, անոր խօսքով, պիտի դառնայ ուսուցման, երկխօսութեան եւ ժամերգութիւններու վայր: Այն, ինչպէս նշած է դիւանագէտը, պիտի նպաստէ բոլոր դաւանանքներու մարդոց մերձեցման։

Ատրպէյճանցի զինծառայողներու առկայութիւնը ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքներն իրար կապող ճանապարհներուն հակաիրաւական է․ ՄԻՊ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանցի զինծառայողներու առկայութիւնը ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքներն իրար կապող ճանապարհներուն հակաիրաւական է․ ՄԻՊ

Գերիներու վերադարձի հարցով կը զբաղի անձամբ ՌԴ նախագահը. ՌԴ դեսպան
Յաջորդ նիւթը

Գերիներու վերադարձի հարցով կը զբաղի անձամբ ՌԴ նախագահը. ՌԴ դեսպան

ԱնցնիլՎեր