Գերիներու վերադարձի հարցով կը զբաղի անձամբ ՌԴ նախագահը. ՌԴ դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած հայերու հարցով կը զբաղուի անձամբ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Քոփիրքինը խօսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ: Դեսպանը նշած է, որ հայ գերիներու վերադարձը 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: «Ես չեմ չափազանցներ, սա այն հարցն է, որով անձամբ կը զբաղի մեր երկրի նախագահը, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները: Այս հարցի լուծումը, հնարաւոր է, չըլլայ այնքան շուտ, որքան կը սպասենք, բայց հաւատացէք, առաւելագոյնը կը կատարուի, ես վստահ եմ՝ այն հաստատ պիտի լուծուի»,- ըսած է ՌԴ դեսպանը:
9 Փետրվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Գերիներու վերադարձի հարցով կը զբաղի անձամբ ՌԴ նախագահը. ՌԴ դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած հայերու հարցով կը զբաղուի անձամբ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Քոփիրքինը խօսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:

Դեսպանը նշած է, որ հայ գերիներու վերադարձը 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: «Ես չեմ չափազանցներ, սա այն հարցն է, որով անձամբ կը զբաղի մեր երկրի նախագահը, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները: Այս հարցի լուծումը, հնարաւոր է, չըլլայ այնքան շուտ, որքան կը սպասենք, բայց հաւատացէք, առաւելագոյնը կը կատարուի, ես վստահ եմ՝ այն հաստատ պիտի լուծուի»,- ըսած է ՌԴ դեսպանը:

ԱՄԷ-ի մէջ պիտի բացուի երեք կրօններու տաճարը
Նախորդ նիւթը

ԱՄԷ-ի մէջ պիտի բացուի երեք կրօններու տաճարը

ՀՀ նախկին իշխանութիւնները միակողմանի զիջումներու առաջարկ չեն ըրած. Բակօ Սահակեան
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ նախկին իշխանութիւնները միակողմանի զիջումներու առաջարկ չեն ըրած. Բակօ Սահակեան

ԱնցնիլՎեր