ԱՄՆ-ը Թուրքիայի համար արտադրված F-35 կործանիչները կտա Հունաստանին

Համաշխարհային մամուլի մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ յայտնուած են Յունաստանի ու ԱՄՆ–ի ռազմական գործարքի մասին, որով ԱՄՆ-ը համաձայնած է Թուրքիոյ համար արտադրուած F-35 կործանիչները յանձնել Յունաստանին։ Ամերիկայի մէջ գործող հրէական Jewish Press կայքը գրած է, որ ԱՄՆ–ը Յունաստանի ռազմաօդային ուժերուն պիտի փոխանցէ F-35 ժամանակակից  կործանիչներ, որոնք նախապէս արտադրուած էին Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն համար, սակայն մնացած են ԱՄՆ-ի մէջ, քանի որ Թրամբը զայրացած էր Էրտողանէն։ Իսկ զայրոյթի պատճառը, ըստ պարբերականի, Ռուսաստանէն Ս-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու ձեռքբերումը եղած է: «ԱՄՆ-ը Թուրքիան հեռացուցած է F-35 համատեղ հարուածային կործանիչներու ծրագրէն այս ամրան՝ Ս-400-ները Ռուսաստանէն ձեռք բերելու նախագահ Էրդողանի որոշումէն ետք, որոնց առաջին մարտկոցը մատակարարուած էր այս տարուան յունիսին»,– գրած
30 Հոկտեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ը Թուրքիայի համար արտադրված F-35 կործանիչները կտա Հունաստանին

Համաշխարհային մամուլի մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ յայտնուած են Յունաստանի ու ԱՄՆ–ի ռազմական գործարքի մասին, որով ԱՄՆ-ը համաձայնած է Թուրքիոյ համար արտադրուած F-35 կործանիչները յանձնել Յունաստանին։

Ամերիկայի մէջ գործող հրէական Jewish Press կայքը գրած է, որ ԱՄՆ–ը Յունաստանի ռազմաօդային ուժերուն պիտի փոխանցէ F-35 ժամանակակից  կործանիչներ, որոնք նախապէս արտադրուած էին Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն համար, սակայն մնացած են ԱՄՆ-ի մէջ, քանի որ Թրամբը զայրացած էր Էրտողանէն։

Իսկ զայրոյթի պատճառը, ըստ պարբերականի, Ռուսաստանէն Ս-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու ձեռքբերումը եղած է:

«ԱՄՆ-ը Թուրքիան հեռացուցած է F-35 համատեղ հարուածային կործանիչներու ծրագրէն այս ամրան՝ Ս-400-ները Ռուսաստանէն ձեռք բերելու նախագահ Էրդողանի որոշումէն ետք, որոնց առաջին մարտկոցը մատակարարուած էր այս տարուան յունիսին»,– գրած է  Jewish Press –ը։

Յունական Estia թերթն ալ գրած է, որ Յունաստանին F-35 կործանիչներ մատակարարելու հարցը քննարկուած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի եւ անոր յոյն գործընկերոջ միջեւ: Հրատարակութեան տուեալներով ՝ ԱՄՆ-ը մտադիր է Յունաստանին մատակարարել 20 հատ F-35, որոնցմէ առաջին 6-ը Թուրքիոյ համար արտադրուած, բայց ԱՄՆ մնացած օդանաւերն են։

Յունական Greek City Times պարբերականն ալ գրած է, որ յունա–ամերիկեան այս գործարքը միայն կործանիչներով պիտի չսահմանափակուի։

Ըստ թերթին` ԱՄՆ–ը մտադիր է Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած իր ռազմակայանին մէջ առկայ ՆԱԹՕ-ի միջուկային արհեստագիտութիւնը տեղափոխել յունական Քրեթէ կղզի։

«Յունաստանը յայտարարած է, որ յունական կղզիներէն մէկուն մօտ նաւ ուղարկելու Անգարայի որոշումը մեծ լարուածութիւն եւ ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնէ տարածաշրջանի խաղաղութեան: Յունաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչը երկուշաբթի օր, արձագանգելով այդ հարցին եւ հեգնանքով դիմելով թուրք գործընկերներուն, ըսած է. «Թուրքիան ցոյց տուաւ, որ իր խօսքերը վստահութեան արժանի չեն»»,– գրած է Greek City Times–ը։

Այս պահուն հարաւային ճակատին վրայ ուժգին մարտեր են. Ա. Յովհաննիսեան
Նախորդ նիւթը

Այս պահուն հարաւային ճակատին վրայ ուժգին մարտեր են. Ա. Յովհաննիսեան

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդը Վաթսուն Հինգ Հազար Տոլար Հաւաքեց Ի Նպաստ Արցախի Հերոս Բանակին
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդը Վաթսուն Հինգ Հազար Տոլար Հաւաքեց Ի Նպաստ Արցախի Հերոս Բանակին

ԱնցնիլՎեր