ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ արդարացում՝ Տանըլտ Թրամբին

ԱՄՆ Ծերակոյտը արդարացուց Տանըլտ Թրամբը՝ վերջինիս պաշտօնանկութեան գործով քուէարկութեան ժամանակ, կը յայտնէ CNN-ը: Երկրի նախագահը դեմոկրատներու կողմէ իրեն առաջադրուած 2 մեղադրանքներով ալ արդարացուեցաւ՝ ինչպէս իշխանութեան չարաշահման, այնպէս ալ Քոնկրեսի աշխատանքը խոչընդոտելու մասով: Թրամբը իշխանութեան չարաշահման մասով մեղաւոր ճանչնալու օգտին քուէարկեց  48 քոնկրէսական՝ 47 դեմոկրատ եւ 1 հանրապետական՝ Միթ Ռոմնի: Թրամբը պաշտօնանկ ընելու համար անհրաժեշտ էր 67 ձայն: Երկրորդ մեղադրանքի շուրջ քուէարկութիւնն աւարտեցաւ 53:47 յարաբերակցութեամբ: Հանրապետական ծերակուտական Միթ Ռոմնին այս կէտով քուէարկեց յօգուտ Թրամբի արդարացման: Նշենք, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի` պաշտօնանկութեան գործով գլխաւոր քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ 5 փետրուարին` Ծերակոյտի մէջ (մեր ժամանակով՝ 6 փետրուարին): Յիշեցնենք, որ Թրամբը պատմութեան մէջ երրորդ նախագահն է,
6 Փետրվարի 2020
3 ր. ընթերցում
ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ արդարացում՝ Տանըլտ Թրամբին

ԱՄՆ Ծերակոյտը արդարացուց Տանըլտ Թրամբը՝ վերջինիս պաշտօնանկութեան գործով քուէարկութեան ժամանակ, կը յայտնէ CNN-ը:

Երկրի նախագահը դեմոկրատներու կողմէ իրեն առաջադրուած 2 մեղադրանքներով ալ արդարացուեցաւ՝ ինչպէս իշխանութեան չարաշահման, այնպէս ալ Քոնկրեսի աշխատանքը խոչընդոտելու մասով:

Թրամբը իշխանութեան չարաշահման մասով մեղաւոր ճանչնալու օգտին քուէարկեց  48 քոնկրէսական՝ 47 դեմոկրատ եւ 1 հանրապետական՝ Միթ Ռոմնի: Թրամբը պաշտօնանկ ընելու համար անհրաժեշտ էր 67 ձայն:

Երկրորդ մեղադրանքի շուրջ քուէարկութիւնն աւարտեցաւ 53:47 յարաբերակցութեամբ: Հանրապետական ծերակուտական Միթ Ռոմնին այս կէտով քուէարկեց յօգուտ Թրամբի արդարացման:

Նշենք, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի` պաշտօնանկութեան գործով գլխաւոր քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ 5 փետրուարին` Ծերակոյտի մէջ (մեր ժամանակով՝ 6 փետրուարին):

Յիշեցնենք, որ Թրամբը պատմութեան մէջ երրորդ նախագահն է, որուն դէմ իմպիչմենթի (ամբաստանում) ընթացակարգ տեղի կ’ունենայ: Անոր դէմ երկու մեղադրանք առաջադրուած է՝ իշխանութիւնը չարաշահելու եւ Քոնկրեսի քննչական աշխատանքները խոչընդոտելու համար:

«Երրորդ հանրապետութեան ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեայի ձերբակալութիւն»ը. Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ Վերմիշեանի խնդրին
Նախորդ նիւթը

«Երրորդ հանրապետութեան ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեայի ձերբակալութիւն»ը. Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ Վերմիշեանի խնդրին

Սահմանադրական բարեփոխումները՝ Համապետական հանրաքուէով
Յաջորդ նիւթը

Սահմանադրական բարեփոխումները՝ Համապետական հանրաքուէով

ԱնցնիլՎեր