ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է Ատրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու որոշում

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է քոնկրէսական Փալոնի կողմէ ներկայացուած փոփոխութիւնը, որ կը դադրեցնէ ԱՄՆ-ի ռազմական ֆինանսական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»։ Փալոնի ներկայացուցած փոփոխութեան մէջ ըսուած է. «Միջազգային ռազմական կրթութիւն եւ ուսուցում», ինչպէս նաեւ «Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորում» ծրագրերու միջոցով յատկացուող որեւէ ֆինանսաւորում պիտի չտրամադրուի Ատրպէյճանին: Դրոյթը չարգելափակեր հայեցողական ռազմական տեխնիկան, որ կրնայ փոխանցուիլ Պաշտպանութեան բաժանմունքի կողմէ ԱՄՆ-ի օրէնքներու 333-րդ յօդուածի համաձայն: Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը ողջունած է Փոփոխութիւններու մասին պալատի կայացուցած որոշումը:
29 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է Ատրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու որոշում

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է քոնկրէսական Փալոնի կողմէ ներկայացուած փոփոխութիւնը, որ կը դադրեցնէ ԱՄՆ-ի ռազմական ֆինանսական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»։

Փալոնի ներկայացուցած փոփոխութեան մէջ ըսուած է. «Միջազգային ռազմական կրթութիւն եւ ուսուցում», ինչպէս նաեւ «Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորում» ծրագրերու միջոցով յատկացուող որեւէ ֆինանսաւորում պիտի չտրամադրուի Ատրպէյճանին:

Դրոյթը չարգելափակեր հայեցողական ռազմական տեխնիկան, որ կրնայ փոխանցուիլ Պաշտպանութեան բաժանմունքի կողմէ ԱՄՆ-ի օրէնքներու 333-րդ յօդուածի համաձայն:

Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը ողջունած է Փոփոխութիւններու մասին պալատի կայացուցած որոշումը:

Այսօր զոհուած Դաւիթ Քոչարեանը 44–օրեայ պատերազմի մասնակից էր. ան Տաւուշի մարզէն էր
Նախորդ նիւթը

Այսօր զոհուած Դաւիթ Քոչարեանը 44–օրեայ պատերազմի մասնակից էր. ան Տաւուշի մարզէն էր

Ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմը ունի մէկ վիրաւոր. ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմը ունի մէկ վիրաւոր. ՊՆ

ԱնցնիլՎեր