ԱՄՆ-ն անհանգստացած է Ղարաբաղի պատերազմին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնով

Միացեալ Նահանգները ծայրաստիճան մտահոգուած է այն դերով, որ Թուրքիան խաղցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններուն: Այս մասին երեքշաբթի օր յայտարարած է Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիկըրը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: «Մենք շատ հարցեր ունինք այնտեղ Թուրքիոյ դերի վերաբերեալ: Մենք ծայրաստիճան մտահոգուած ենք եւ այդ մտահոգութիւնը յայտնած ենք Թուրքիոյ դերի, օտարերկրեայ կործանիչներու տեղափոխման, զէնքի առաքման քննարկումներուն: Այս հարցերը մտահոգիչ են եւ կը մնան Թուրքիոյ ու Ռուսաստանի հետ մեր երկխօսութեան մէկ մասը»,-ըսած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան աշխատակիցը: Ան ելոյթ ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրէսին կից Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողովի (Հելսինքեան յանձնաժողով) անդամներու համար
9 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ն անհանգստացած է Ղարաբաղի պատերազմին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնով

Միացեալ Նահանգները ծայրաստիճան մտահոգուած է այն դերով, որ Թուրքիան խաղցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններուն: Այս մասին երեքշաբթի օր յայտարարած է Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիկըրը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Մենք շատ հարցեր ունինք այնտեղ Թուրքիոյ դերի վերաբերեալ: Մենք ծայրաստիճան մտահոգուած ենք եւ այդ մտահոգութիւնը յայտնած ենք Թուրքիոյ դերի, օտարերկրեայ կործանիչներու տեղափոխման, զէնքի առաքման քննարկումներուն: Այս հարցերը մտահոգիչ են եւ կը մնան Թուրքիոյ ու Ռուսաստանի հետ մեր երկխօսութեան մէկ մասը»,-ըսած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան աշխատակիցը: Ան ելոյթ ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրէսին կից Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողովի (Հելսինքեան յանձնաժողով) անդամներու համար ճեպազրոյցի ժամանակ:

Մելիքսէթ Պօղոսեանը նշանակուած է Սիւնիքի մարզպետ
Նախորդ նիւթը

Մելիքսէթ Պօղոսեանը նշանակուած է Սիւնիքի մարզպետ

Վարչապետի հրաժարականը պահանջող ուժերը կ'առաջարկեն ստեղծել անիշխանութիւն. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետի հրաժարականը պահանջող ուժերը կ’առաջարկեն ստեղծել անիշխանութիւն. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր