ԱՄՆ-ն բաց է Իրանի հետ դիւանագիտական փոխգործակցութեան համար. Սպիտակ տուն

Միացեալ Նահանգները նախկինի պէս բաց է դիւանագիտական փոխգործակցութեան համար, որ թոյլ կու տար կողմերուն վերադառնալու իրանական միջուկային հարցով Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի իրագործման: «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճեն Փսաքին: «Մենք հաւատարիմ կը մնանք դիւանագիտական գործընթացի շարունակութեան, որպէսզի որոշենք հետագայ քայլերը: Երբեմն ատոր համար ժամանակ պէտք է, եւ մենք յստակ հասկցած ենք այդ Իրանի հետ նախորդ բանակցութիւններէն: Մենք պատրաստ ենք արդիւնաւէտ դիւանագիտական փոխգործակցութիւնը վերսկսելուն, որպէսզի հասնինք անոր, որ երկու կողմերն ալ վերադառնան միջուկային ծրագրի իրագործման: Քննարկումներ եւ փոխգործակցութիւն սկսելու առաջարկն ուժի մէջ կը մնայ»,- ասել է Փսաքին: Աղբիւրը նշած է, որ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի
31 Մարտի 2021
3 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ն բաց է Իրանի հետ դիւանագիտական փոխգործակցութեան համար. Սպիտակ տուն

Միացեալ Նահանգները նախկինի պէս բաց է դիւանագիտական փոխգործակցութեան համար, որ թոյլ կու տար կողմերուն վերադառնալու իրանական միջուկային հարցով Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի իրագործման: «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճեն Փսաքին:

«Մենք հաւատարիմ կը մնանք դիւանագիտական գործընթացի շարունակութեան, որպէսզի որոշենք հետագայ քայլերը: Երբեմն ատոր համար ժամանակ պէտք է, եւ մենք յստակ հասկցած ենք այդ Իրանի հետ նախորդ բանակցութիւններէն: Մենք պատրաստ ենք արդիւնաւէտ դիւանագիտական փոխգործակցութիւնը վերսկսելուն, որպէսզի հասնինք անոր, որ երկու կողմերն ալ վերադառնան միջուկային ծրագրի իրագործման: Քննարկումներ եւ փոխգործակցութիւն սկսելու առաջարկն ուժի մէջ կը մնայ»,- ասել է Փսաքին:

Աղբիւրը նշած է, որ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչն այսօր աւելի վաղ գրառում կատարած է՝ ընդգծելով, որ միջուկային գործարքին վերադառնալու համար լրացուցիչ առաջարկներ պէտք չեն, բաւական է միայն «Ուաշինկթընի քաղաքական որոշումը»:

Հնարաւոր էր խուսափիլ այս պատերազմէն. Արմէն Սարգսեան
Նախորդ նիւթը

Հնարաւոր էր խուսափիլ այս պատերազմէն. Արմէն Սարգսեան

Մահացեր է Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը՝ Քոմանտոսը
Յաջորդ նիւթը

Մահացեր է Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը՝ Քոմանտոսը

ԱնցնիլՎեր