ԱՄՆ-ն պէտք է զսպէ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը եւ ցոյց տայ իր աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան. Ատամ Շիֆ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ատամ Շիֆը դատապարտած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւնները: Այս մասին ան գրառում կատարած է Ֆէյսպուքի իր էջով: «Խորապէս անհանգստացած եմ այսօրուայ տեղեկութիւններով այն մասին, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը սահմանին յարձակած են հայ զինուորներու վրայ, կան տեղեկութիւններ զոհերու կամ տասնեակէ աւելի հայ զինուորներ ապօրինաբար գերեվարելու վերաբերեալ: Այս սանձազերծուած յարձակումը Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հրադադարի մասին համաձայնութեան ուղղակի խախտում է եւ վառ յիշեցնումը այն բանին, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է ընէ հնարաւոր ամէն բան՝ զսպելու Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը», ըսած է Շիֆը: Ան կոչ ըրած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան անյապաղ գործի անցնելու՝ օգտագործելու
17 Նոյեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ն պէտք է զսպէ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը եւ ցոյց տայ իր աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան. Ատամ Շիֆ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ատամ Շիֆը դատապարտած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւնները: Այս մասին ան գրառում կատարած է Ֆէյսպուքի իր էջով:

«Խորապէս անհանգստացած եմ այսօրուայ տեղեկութիւններով այն մասին, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը սահմանին յարձակած են հայ զինուորներու վրայ, կան տեղեկութիւններ զոհերու կամ տասնեակէ աւելի հայ զինուորներ ապօրինաբար գերեվարելու վերաբերեալ: Այս սանձազերծուած յարձակումը Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հրադադարի մասին համաձայնութեան ուղղակի խախտում է եւ վառ յիշեցնումը այն բանին, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է ընէ հնարաւոր ամէն բան՝ զսպելու Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը», ըսած է Շիֆը:

Ան կոչ ըրած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան անյապաղ գործի անցնելու՝ օգտագործելու դիւանագիտական իւրաքանչիւր խողովակ ու հնարաւոր լծակ՝ կանխելու եւս մէկ զանգվածային մարդասիրական աղէտ ու ցոյց տալու ԱՄՆ-ի անսասան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին ու անոր ինքնիշխանութեան:

24 զինծառայողի հետ կապը կորսուած է մարտերու ընթացքին, անոնց ճակատագիրն այժմ անյայտ է․ ՊՆ
Նախորդ նիւթը

24 զինծառայողի հետ կապը կորսուած է մարտերու ընթացքին, անոնց ճակատագիրն այժմ անյայտ է․ ՊՆ

Հայաստանի ու Ադրբեջանի մասնակցությամբ Մոսկվայում մեկնարկել է ԱՊՀ ԱԽ քարտուղարների հանդիպումը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի ու Ադրբեջանի մասնակցությամբ Մոսկվայում մեկնարկել է ԱՊՀ ԱԽ քարտուղարների հանդիպումը

ԱնցնիլՎեր