24 զինծառայողի հետ կապը կորսուած է մարտերու ընթացքին, անոնց ճակատագիրն այժմ անյայտ է․ ՊՆ

Իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ, ուր տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ երէկ լայնածաւալ յարձակում գործած էին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, Նոյեմբեր 17-ի, ժամը 10։00-ի դրութեամբ, յարաբերականօրէն կայուն է, կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը հիմնականին մէջ կը պահպանուի։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն, նշելով, որ Նոյեմբեր 16-ի մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով հակառակորդը ունի մինչեւ 70 զոհուած եւ վիրաւոր զինուոր, ինչպէս նաեւ զինուորական սարքերու զգալի կորուստ։  Հայկական կողմը ունի 1 զոհուած եւ 13 գերեվարուած զինուոր։ Եւս 24 զինուորի հետ կապը կորած է մարտական գործողութիւններու ընթացքին եւ անոնց ճակատագիրը այս պահուն անյայտ է։ Զինուորներու յայտնաբերման ուղղութեամբ կ’ընթանան շեշտուած աշխատանքներ։ Հակառակորդի վերահսկողութեան տակ անցած է երկու
17 Նոյեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
24 զինծառայողի հետ կապը կորսուած է մարտերու ընթացքին, անոնց ճակատագիրն այժմ անյայտ է․ ՊՆ

Իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ, ուր տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ երէկ լայնածաւալ յարձակում գործած էին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, Նոյեմբեր 17-ի, ժամը 10։00-ի դրութեամբ, յարաբերականօրէն կայուն է, կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը հիմնականին մէջ կը պահպանուի։

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն, նշելով, որ Նոյեմբեր 16-ի մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով հակառակորդը ունի մինչեւ 70 զոհուած եւ վիրաւոր զինուոր, ինչպէս նաեւ զինուորական սարքերու զգալի կորուստ։ 

Հայկական կողմը ունի 1 զոհուած եւ 13 գերեվարուած զինուոր։ Եւս 24 զինուորի հետ կապը կորած է մարտական գործողութիւններու ընթացքին եւ անոնց ճակատագիրը այս պահուն անյայտ է։ Զինուորներու յայտնաբերման ուղղութեամբ կ’ընթանան շեշտուած աշխատանքներ։ Հակառակորդի վերահսկողութեան տակ անցած է երկու մարտական յենակէտ։

Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կ’ընթանան բանակցութիւններ՝ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման եւ  գերեվարուած հայ զինուորներու վերադարձին շուրջ։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ կ'ընէ նուազեցնելու առկայ լարուածութիւնը
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ նուազեցնելու առկայ լարուածութիւնը

ԱՄՆ-ն պէտք է զսպէ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը եւ ցոյց տայ իր աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան. Ատամ Շիֆ
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ-ն պէտք է զսպէ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումը եւ ցոյց տայ իր աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան. Ատամ Շիֆ

ԱնցնիլՎեր