Ամուլսարի խնդիրը դարձեալ քննարկման առարկայ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Ամուլսարի ծրագրի հետ կապուած իրավիճակի վերաբերեալ խորհրդակցութիւն։ Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիկ Գրիգորեանը ամփոփ ներկայացուցած է ընդհանուր վիճակը եւ նշած, որ շարք մը ուղղութիւններով ներկայացուած ելակէտային տուեալները ճշգրիտ չեն եղած: Վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծուած են Ամուլսարի ծրագրի՝ Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան նոր գնահատում (ՇՄԱԳ) իրականացնելու ընթացակարգերուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձ եղած է խնդրի իրաւական կողմերուն, բնապահպանական նոր գործօններու ի յայտ գալուն եւ այլն: Վարչապետը, ամփոփելով քննարկումը, յանձնարարած է շահագրգիռ բոլոր գերատեսչութիւններուն եւ հիմնարկներուն համակարգուած աշխատիլ՝ համապարփակ վերլուծութիւն եւ նախաքննութեան համար լիարժէք տուեալներ ունենալու համար: Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 30-ին
5 Սեպտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Ամուլսարի խնդիրը դարձեալ քննարկման առարկայ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Ամուլսարի ծրագրի հետ կապուած իրավիճակի վերաբերեալ խորհրդակցութիւն։

Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիկ Գրիգորեանը ամփոփ ներկայացուցած է ընդհանուր վիճակը եւ նշած, որ շարք մը ուղղութիւններով ներկայացուած ելակէտային տուեալները ճշգրիտ չեն եղած:

Վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծուած են Ամուլսարի ծրագրի՝ Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան նոր գնահատում (ՇՄԱԳ) իրականացնելու ընթացակարգերուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձ եղած է խնդրի իրաւական կողմերուն, բնապահպանական նոր գործօններու ի յայտ գալուն եւ այլն:

Վարչապետը, ամփոփելով քննարկումը, յանձնարարած է շահագրգիռ բոլոր գերատեսչութիւններուն եւ հիմնարկներուն համակարգուած աշխատիլ՝ համապարփակ վերլուծութիւն եւ նախաքննութեան համար լիարժէք տուեալներ ունենալու համար:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 30-ին կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսահաղորդակցման ժամանակ «Էլարտ»-ի միջազգային խումբը յայտարարած էր, որ չի կրնար պատասխանել հարցին՝ անվտա՞նգ է արդեօք Ամուլսարի հանքի շահագործումը, քանի որ «Լիտիան»-ի ուսումնասիրութիւններն ու շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատումը (ՇՄԱԳ) թերի են, ոչ ամբողջական ու անվստահելի: Հանդիպումը եզրափակուած էր՝ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան արձագանգին սպասելու որոշմամբ, թէ արդեօ՞ք նոր գնահատման կարիք կայ։

John Moreland - You Don't Care for Me Enough to Cry & I Need You To Tell Me Who I Am
Նախորդ նիւթը

John Moreland — You Don’t Care for Me Enough to Cry & I Need You To Tell Me Who I Am

Կառավարութենէն  կարեւոր քայլ. Մարտի  1-եան  դէպքերէն   տուժածներուն համար 720 միլիոն դրամ  պիտի  տրամադրուի
Յաջորդ նիւթը

Կառավարութենէն  կարեւոր քայլ. Մարտի  1-եան  դէպքերէն   տուժածներուն համար 720 միլիոն դրամ  պիտի  տրամադրուի

ԱնցնիլՎեր