Հայաստանի Կառավարութիւնը այսօր քննարկած եւ կարեւոր որշում հրապարակած է Մարտի Մէկեան դէպքերուն ընթացքին տուժած ՀՀ քաղաքացիներուն կամ անոնց իրաւայաջորդներուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու կապակցութեամբ։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց ՝ «Արմէնբրէս»ը:
Աղբիւրը մասնաւորապէս նշեց, որ 2008 թուականի 1-2 Մարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ տուժածներու եւ մահացածներու ընտանիքներուն աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով 720 միլիոն դրամ պիտի յատկացնէ։
Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը նշած է, որ այս որոշումը պայմանաւորուած է 2019 թուականի 4 Յունիսին ընդունուած «2008 թուականի 1-2 Մարտի Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ տուժած անձերու աջակցութեան մասին» օրէնքի 3-րդ յօդուածի 1-ին մասով։
Ըստ նախարարին՝ այդ իրադարձութիւններու ժամանակ մահացած անձանց իրաւայաջորդներուն պիտի յատկացուի 30 միլիոն դրամ, ծանր մարմնական վնասուածք ստացածներուն՝ 15 միլիոն դրամ, միջին ծանրութեան վնասուածք ստացածներուն՝ 5 միլիոն դրամ:
Հաշվարկուած է, որ աջակցութիւն պիտի տրուի 10 զոհերու հարազատներուն, 10 ծանր վնասուածք ստացած տուժածներուն եւ 54 միջին ծանրութեան վնասուածք ստացածներուն:
Նոյն թեմային մասին խօսելով այսօրուան կառավարական նիստի ընթացքին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը արձանագրեց, որ աս ոչ թէ փոխհատուցում է, այլ՝ աջակցութիւն: «Իմ դիրքորոշումը այն է, որ յայտնի հանգամանքներու բերումով մենք փոխհատուցման հարցի վերաբերեալ որոշումներ պէտք է կայացնենք Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կողմէ կայացուած որոշումներու հիման վրայ: Ինչու ես կ՛ըսեմ աս, ես այս յատուկ կ՛ընդգծեմ, քանի որ յայտնի փաստ է, ես ալ առնչութիւն ունիմ 1-2 Մարտի իրադարձութիւններուն, շատ կարեւոր է, որ այս հարցին մէջ որոշումները կայացուին առաւելագոյնս առարկայական: Բայց քանի որ մենք չենք գիտեր, թէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը երբ պիտի կայացնէ այս հարցով որոշումներ, եւ այնպէս չըլլայ, որ այս պայմաններուն մեր կառավարութիւնը որեւէ միջոց չձեռնարկէ 1 Մարտի զոհերուն եւ տուժածներեւն աջակցութիւն ցոյց տալու համար, մենք այս որոշումը հիմա կը կայացնենք Ազգային ժողովի կողմէն ընդունուած օրէնքի հիման վրայ։ Վերջնական արդիւնքին հասած վնասի փոխհատուցման թեման ամբողջութեամբ պիտի փակենք ՄԻԵԴ-ի որոշումներու հիման վրայ: Ես նկատի ունիմ չափը, թէ ինչ չափի փոխհատուցում պէտք է տանք»,-ըսաւ վարչապետը։