Ամուլսարի հարցով վերջանական որոշում  տակաւին չկայ. Վլատիմիր Կարապետեան

Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման հարցով վերջանական որոշում  տակաւին չկայ. Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշեց վարչապետի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեանը՝ աւելցնելով, որ յստակ չի կրնար ըսել, թէ որոնք պիտի ըլլան յետագայ գործողութիւնները այս ուղղութեամբ: «Այդ հարցով քննարկումները կը շարունակուին: Յառաջիկային պատկան մարմինները պիտի անդրադառնան հարցին: Վարչապետի յանձնարարութեամբ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը պատրաստած է իրենց մօտեցումները նոր ՇՄԱԳ-ի վերաբերեալ»,- ըսաւ Կարապետեանը: Դիտարկման, որ հաղորդագրութենէն յայտնի չէ՝  նոր ՇՄԱԳ-ի կարիք կա՞յ, թէ՞ ոչ, Կարապետեանը ըսաւ. «Պատճառը այն է, որ վերջնական որոշում եւ վերջնական պատկերացում չկայ: Երբ քննարկումները ըլլան վերջնական, մենք այդ մասին պիտի յայտարարենք»:
5 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Ամուլսարի հարցով վերջանական որոշում  տակաւին չկայ. Վլատիմիր Կարապետեան

Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման հարցով վերջանական որոշում  տակաւին չկայ. Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշեց վարչապետի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեանը՝ աւելցնելով, որ յստակ չի կրնար ըսել, թէ որոնք պիտի ըլլան յետագայ գործողութիւնները այս ուղղութեամբ:

«Այդ հարցով քննարկումները կը շարունակուին: Յառաջիկային պատկան մարմինները պիտի անդրադառնան հարցին: Վարչապետի յանձնարարութեամբ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը պատրաստած է իրենց մօտեցումները նոր ՇՄԱԳ-ի վերաբերեալ»,- ըսաւ Կարապետեանը:

Դիտարկման, որ հաղորդագրութենէն յայտնի չէ՝  նոր ՇՄԱԳ-ի կարիք կա՞յ, թէ՞ ոչ, Կարապետեանը ըսաւ. «Պատճառը այն է, որ վերջնական որոշում եւ վերջնական պատկերացում չկայ: Երբ քննարկումները ըլլան վերջնական, մենք այդ մասին պիտի յայտարարենք»:

Կառավարութենէն  կարեւոր քայլ. Մարտի  1-եան  դէպքերէն   տուժածներուն համար 720 միլիոն դրամ  պիտի  տրամադրուի
Նախորդ նիւթը

Կառավարութենէն  կարեւոր քայլ. Մարտի  1-եան  դէպքերէն   տուժածներուն համար 720 միլիոն դրամ  պիտի  տրամադրուի

Վարչապետն ու «Սասնայ ծռերը» հանդիպած են
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետն ու «Սասնայ ծռերը» հանդիպած են

ԱնցնիլՎեր