Այս Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պիտի բացուին 21 նոր նախակրթարաններ

Այս սեպտեմբերին պիտի բացուի 21 նոր նախակրթարան ամբողջ հանրապետութեան տարածքին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ԿԳՄՍՆ-էն: ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանն այսօր՝ ուսումնական տարուան մեկնարկին, այցելած է Արագածոտնի եւ Արարատի մարզեր՝ ներկայ գտնուելու նախակրթարաններու բացման արարողութեան: Նախակրթարանները նաեւ կահաւորուած են անհրաժեշտ գոյքով, ապահովուած նախադպրոցական կրթութեան կազմակերպման համար բոլոր անհրաժեշտ պարագաներով:  Հարկ է նշել, որ նախապէս իրականացուած է նաեւ նախակրթարաններուն մէջ աշխատող դաստիարակներու վերապատրաստում: Ինչպէս նաեւ՝ պահպանուած են ներառական կրթութեան կազմակերպման բոլոր պահանջները եւ նորաստեղծ նախակրթարաններն ունին նաեւ յարմարեցուած միջավայր, եւ նախակրթարաններուն մէջ կրթութիւն պիտի ստանան նաեւ սահմանափակ հնարաւորութիւններով երեխաներ: Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի նախադպրոցական կրթութեան միքրոծրագրերուն իրականացմանն ուղղուած նախնական աշխատանքները սկսած են 2019 թուականի նոյեմբերէն եւ կ’իրականացուին Համաշխարհային դրամատան  համաֆինանսաւորմամբ՝ «Կրթական ծրագրերու կեդրոն» ԾԻԳ-ի «Կրթութեան
14 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Այս Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պիտի բացուին 21 նոր նախակրթարաններ

Այս սեպտեմբերին պիտի բացուի 21 նոր նախակրթարան ամբողջ հանրապետութեան տարածքին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ԿԳՄՍՆ-էն:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանն այսօր՝ ուսումնական տարուան մեկնարկին, այցելած է Արագածոտնի եւ Արարատի մարզեր՝ ներկայ գտնուելու նախակրթարաններու բացման արարողութեան:

Նախակրթարանները նաեւ կահաւորուած են անհրաժեշտ գոյքով, ապահովուած նախադպրոցական կրթութեան կազմակերպման համար բոլոր անհրաժեշտ պարագաներով: 

Հարկ է նշել, որ նախապէս իրականացուած է նաեւ նախակրթարաններուն մէջ աշխատող դաստիարակներու վերապատրաստում: Ինչպէս նաեւ՝ պահպանուած են ներառական կրթութեան կազմակերպման բոլոր պահանջները եւ նորաստեղծ նախակրթարաններն ունին նաեւ յարմարեցուած միջավայր, եւ նախակրթարաններուն մէջ կրթութիւն պիտի ստանան նաեւ սահմանափակ հնարաւորութիւններով երեխաներ:

Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի նախադպրոցական կրթութեան միքրոծրագրերուն իրականացմանն ուղղուած նախնական աշխատանքները սկսած են 2019 թուականի նոյեմբերէն եւ կ’իրականացուին Համաշխարհային դրամատան  համաֆինանսաւորմամբ՝ «Կրթական ծրագրերու կեդրոն» ԾԻԳ-ի «Կրթութեան բարելաւում» վարկային ծրագրի շրջագիծէն ներս եւ արդէն իսկ հիմնուած է 136 նախակրթարան։

 

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն արձակուրդի մեկնած է
Նախորդ նիւթը

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն արձակուրդի մեկնած է

Հակառակորդը կը փորձէ նոր ամրաշինական աշխատանքներ ծաւալել, իսկ ՀՀ ԶՈՒ-երը կը կասեցնեն նման գործողութիւնները. Ստեփանեան
Յաջորդ նիւթը

Հակառակորդը կը փորձէ նոր ամրաշինական աշխատանքներ ծաւալել, իսկ ՀՀ ԶՈՒ-երը կը կասեցնեն նման գործողութիւնները. Ստեփանեան

ԱնցնիլՎեր