Հակառակորդը կը փորձէ նոր ամրաշինական աշխատանքներ ծաւալել, իսկ ՀՀ ԶՈՒ-երը կը կասեցնեն նման գործողութիւնները. Ստեփանեան

Հակառակորդը կը փորձէ նոր ամրաշինական աշխատանքներ ծաւալել, որ, բնականաբար, չի նպաստեր սահմանի վտանգներու նուազեցման: Այս մասին «Հայկական ժամանակ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը: «ՀՀ զինուած ուժերը կը կասեցնեն նման գործողութիւնները եւ միաժամանակ կը ձեռնարկեն համապատասխան միջոցներ՝ հետագայ սրացումները կանխելու համար»,- ըսած է Ստեփանեանը: ՊՆ խօսնակն ընդգծած է՝ հայկական Զինուած ուժերը որեւէ գիւղի ուղղութեամբ կրակ չեն վարած: Ստեփանեանը նաեւ չէ բացառած այն, որ հակառակորդի աշխոյժութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ իրականացուող համատեղ հայ-ռուսական վարժանքներուն հետ: Նշենք, որ աւելի վաղ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ իբրեւ թէ հայկական զինուած ուժերը կը փորձեն սրել իրավիճակը՝ խախտելով հրադադարի ռեժիմը
14 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հակառակորդը կը փորձէ նոր ամրաշինական աշխատանքներ ծաւալել, իսկ ՀՀ ԶՈՒ-երը կը կասեցնեն նման գործողութիւնները. Ստեփանեան

Հակառակորդը կը փորձէ նոր ամրաշինական աշխատանքներ ծաւալել, որ, բնականաբար, չի նպաստեր սահմանի վտանգներու նուազեցման: Այս մասին «Հայկական ժամանակ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

«ՀՀ զինուած ուժերը կը կասեցնեն նման գործողութիւնները եւ միաժամանակ կը ձեռնարկեն համապատասխան միջոցներ՝ հետագայ սրացումները կանխելու համար»,- ըսած է Ստեփանեանը:

ՊՆ խօսնակն ընդգծած է՝ հայկական Զինուած ուժերը որեւէ գիւղի ուղղութեամբ կրակ չեն վարած:

Ստեփանեանը նաեւ չէ բացառած այն, որ հակառակորդի աշխոյժութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ իրականացուող համատեղ հայ-ռուսական վարժանքներուն հետ:

Նշենք, որ աւելի վաղ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ իբրեւ թէ հայկական զինուած ուժերը կը փորձեն սրել իրավիճակը՝ խախտելով հրադադարի ռեժիմը Թովուզի ուղղութեամբ՝ մասնաւորապէս կրակ բանալով Ալիպէյլի գիւղի ուղղութեամբ: 

Այս Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պիտի բացուին 21 նոր նախակրթարաններ
Նախորդ նիւթը

Այս Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պիտի բացուին 21 նոր նախակրթարաններ

Արայիկ Յարութիւնեանը հաստատած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նոր կազմը
Յաջորդ նիւթը

Արայիկ Յարութիւնեանը հաստատած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նոր կազմը

ԱնցնիլՎեր