Այցելութիւն՝ Կիպրոսի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ի յետմիջօրէին, Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեանի: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր շնորհաւորել արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Իննա Թորգոմեանը, պատասխանատու այս պաշտօնին նշանակման առիթով եւ ողջունել Կիպրոսի մէջ, ի վերջոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն ունենալու խրախուսիչ իրողութիւնը: Տիկին Թորգոմեան եւ դիւանագիտական կանոնակարգի (փրոթոքոլ) օգնական Պարոն Լէօն Եաղուբեան ջերմօրէն ընդունեցին պատուիրակութեան անդամները, որոնք, շնորհաւորանքի իրենց արտայայտութիւններէն ետք, ընդգծեցին թէ ազգային իր դաւանանքի սահմանումով, ՌԱԿ-ը գերազանցապէս պետականամէտ կուսակցութիւն մըն է, որուն համար հարազատ է հայրենի ամէն իշխանութիւն, որ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններով
26 Հոկտեմբերի 2025
4 ր. ընթերցում
Այցելութիւն՝ Կիպրոսի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ի յետմիջօրէին, Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեանի:

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր շնորհաւորել արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Իննա Թորգոմեանը, պատասխանատու այս պաշտօնին նշանակման առիթով եւ ողջունել Կիպրոսի մէջ, ի վերջոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն ունենալու խրախուսիչ իրողութիւնը:

Տիկին Թորգոմեան եւ դիւանագիտական կանոնակարգի (փրոթոքոլ) օգնական Պարոն Լէօն Եաղուբեան ջերմօրէն ընդունեցին պատուիրակութեան անդամները, որոնք, շնորհաւորանքի իրենց արտայայտութիւններէն ետք, ընդգծեցին թէ ազգային իր դաւանանքի սահմանումով, ՌԱԿ-ը գերազանցապէս պետականամէտ կուսակցութիւն մըն է, որուն համար հարազատ է հայրենի ամէն իշխանութիւն, որ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններով կ’արժանանայ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի վստահութեան: Աւելցուցին նաեւ որ Կուսակցութեան անխախտ համոզումն է որ բացարձակապէս միայն հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն իրաւասութիւնն է տնօրինումը Հայաստանի ներկային, այնպէս եւ ապագային:

Ապա տեղի ունեցաւ աւելի քան մէկ ժամ տեւող մտերմիկ, բայց միաժամանակ նաեւ բովանդակալից ու խիստ կառուցողական զրոյց մը, որու ընթացքին, կատարուեցաւ նախածրագրումը փոխադարձ սերտ համագործակցութեան:

 

Ձախէն աջ՝ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեան, Տիկին Իննա Թորգոմեան, ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան եւ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹՅԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆ
Նախորդ նիւթը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹՅԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 104-րդ Ամեակը Ամմանի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 104-րդ Ամեակը Ամմանի մէջ

ԱնցնիլՎեր