Անգարան կը շարունակէ սիրաշահիլ Գահիրէն

Թուրքիան կրնայ կանգնիլ Գահիրէի, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցի երկրներու հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու շեմին: Այս մասին Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալընը՝ Եգիպտոսը անուանելով «արաբական աշխարհի ուղեղն ու սիրտը»: «Մենք կ’ուզենք համագործակցիլ Եգիպտոսի հետ Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ, Լիպիոյ եւ պաղեստինեան հարցով, որու մասին, կարծես, աշխարհը մոռցեր է»,- պարզաբանած է Քալըն: «Եթէ մենք կարողանանք կառուցողական երկկողմ քայլեր ձեռնարկել, այդ կրնայ օգնել իրավիճակի կայունացման տարածաշրջանին մէջ»: Անոր խօսքով՝ երկխօսութիւնը կրնայ նպաստել երկկողմ ու տարածաշրջանային յարաբերութիւններու զարգացման: «Սա կը վերաբերի նաեւ Պարսից ծոցի երկիրներուն: Մենք չունինք անլուծելի խնդիր ոչ մէկ արաբական երկրի հետ»: Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին
10 Մարտի 2021
4 ր. ընթերցում
Անգարան կը շարունակէ սիրաշահիլ Գահիրէն

Թուրքիան կրնայ կանգնիլ Գահիրէի, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցի երկրներու հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու շեմին: Այս մասին Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալընը՝ Եգիպտոսը անուանելով «արաբական աշխարհի ուղեղն ու սիրտը»:

«Մենք կ’ուզենք համագործակցիլ Եգիպտոսի հետ Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ, Լիպիոյ եւ պաղեստինեան հարցով, որու մասին, կարծես, աշխարհը մոռցեր է»,- պարզաբանած է Քալըն: «Եթէ մենք կարողանանք կառուցողական երկկողմ քայլեր ձեռնարկել, այդ կրնայ օգնել իրավիճակի կայունացման տարածաշրջանին մէջ»:

Անոր խօսքով՝ երկխօսութիւնը կրնայ նպաստել երկկողմ ու տարածաշրջանային յարաբերութիւններու զարգացման: «Սա կը վերաբերի նաեւ Պարսից ծոցի երկիրներուն: Մենք չունինք անլուծելի խնդիր ոչ մէկ արաբական երկրի հետ»:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ Թուրքիան կրնայ Եգիպտոսի հետ ծովային սահմանի սահմանազատման մասին համաձայնագիր կնքել՝ կախուած երկկողմ յարաբերութիւններու վիճակէն:

Շաբաթ օր պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը Եգիպտոսի որոշումը համարած է «Միջերկրական ծովին մէջ ստորջրեայ հետազօտութիւններուն մէջ Թուրքիոյ մայրցամաքային դարակը յարգելու շատ կարեւոր իրադարձութիւն»: Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան եւ Եգիպտոսը կը կիսեն պատմական, մշակութային եւ ընդհանուր արժէքներ։

ՀՀ նախագահը դիմած է Սահմանադրական դատարան. նախագահի աշխատակազմի յայտարարութիւնը
Նախորդ նիւթը

ՀՀ նախագահը դիմած է Սահմանադրական դատարան. նախագահի աշխատակազմի յայտարարութիւնը

Օնիկ Գասպարեանը դիմած է ՀՀ վարչական դատարան
Յաջորդ նիւթը

Օնիկ Գասպարեանը դիմած է ՀՀ վարչական դատարան

ԱնցնիլՎեր