Անգարան պէտք է փակէ «Ինճիրլիք» ռազմակայանը Ուաշինկթընի համար. Տողու Փերինչեք

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Թուրքիան պէտք է անյապաղ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատէ «Ինճիրլիք» օդային ռազմակայանի վրայ եւ այնտեղ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը վերադարձնէ Միացեալ Նահանգներ: Այսպիսի կարծիք շաբաթ օր ԹԱՍՍ-ի թղթակցին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքը: «Թրքական զինուած ուժերը պէտք է անյապաղ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատեն «Ինճիրլիք» ռազմակայանի վրայ եւ 15 օրուան ընթացքին տուն ուղարկեն այնտեղ գտնուող ամերիկացի զինուորականները»,- համոզուած է քաղաքական գործիչը: Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ չէ, որ խօսակցութիւններ կը ծագին ամերիկեան զինուորականներու համար այս ռազմակայանը փակելու հաւանականութեան մասին: Սովորաբար Անգարայի նման հռետորաբանութիւնը կը ծագի Ուաշինկթընի կողմէ սպառնալիքներու լոյսի ներքոյ, սակայն այդ
26 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Անգարան պէտք է փակէ «Ինճիրլիք» ռազմակայանը Ուաշինկթընի համար. Տողու Փերինչեք

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Թուրքիան պէտք է անյապաղ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատէ «Ինճիրլիք» օդային ռազմակայանի վրայ եւ այնտեղ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը վերադարձնէ Միացեալ Նահանգներ: Այսպիսի կարծիք շաբաթ օր ԹԱՍՍ-ի թղթակցին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքը:

«Թրքական զինուած ուժերը պէտք է անյապաղ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատեն «Ինճիրլիք» ռազմակայանի վրայ եւ 15 օրուան ընթացքին տուն ուղարկեն այնտեղ գտնուող ամերիկացի զինուորականները»,- համոզուած է քաղաքական գործիչը:

Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ չէ, որ խօսակցութիւններ կը ծագին ամերիկեան զինուորականներու համար այս ռազմակայանը փակելու հաւանականութեան մասին: Սովորաբար Անգարայի նման հռետորաբանութիւնը կը ծագի Ուաշինկթընի կողմէ սպառնալիքներու լոյսի ներքոյ, սակայն այդ ուղղութեամբ գործը դեռ չէ հասած որեւէ յստակ քայլի:

Հնդկաստանի մէջ 4-րդ օրը ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման մէկօրեայ ցուցանիշի հակամրցանիշ գրանցուած է
Նախորդ նիւթը

Հնդկաստանի մէջ 4-րդ օրը ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման մէկօրեայ ցուցանիշի հակամրցանիշ գրանցուած է

Վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի 3 մայիսին` ժամը 12:00-ին
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի 3 մայիսին` ժամը 12:00-ին

ԱնցնիլՎեր