Անգարա արձագանգեց Սենատի որոշումին

Թուրքիոյ մէջ բուռն արձագանգներու տեղիք տուած է  ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը:  Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ծերակոյտին որոշումը դատապարտող յայտարարութիւններ կ՛ընեն: 1915 -ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցող ԱՄՆ բանաձեւը կրնայ երկու երկիրներու միջեւ լուրջ տարաձայնութիւններու պատճառ դառնալ, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի աշխատակազմի կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթին Ալթուն, կը փոխանցէ tert.am-ը: Վերջինիս խօսքով` «ԱՄՆ Քոնկրեսի որոշ անդամներ» վերջին ամիսներուն իրենք զիրենք ծայրայեղ անպատասխանատու կերպով դրսեւորած են` այդպիսով «երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւն յառաջացնելով»: «Այդ բանաձեւերը պատմութեան մէջ պիտի մնան որպէս ԱՄՆ Քոնկրեսի որոշ անդամներու` Թուրքիոյ դէմ ուղղուած անմիտ
13 Դեկտեմբերի 2019
8 ր. ընթերցում
Անգարա արձագանգեց Սենատի որոշումին

Թուրքիոյ մէջ բուռն արձագանգներու տեղիք տուած է  ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը:  Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ծերակոյտին որոշումը դատապարտող յայտարարութիւններ կ՛ընեն:

1915 -ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցող ԱՄՆ բանաձեւը կրնայ երկու երկիրներու միջեւ լուրջ տարաձայնութիւններու պատճառ դառնալ, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի աշխատակազմի կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթին Ալթուն, կը փոխանցէ tert.am-ը:

Վերջինիս խօսքով` «ԱՄՆ Քոնկրեսի որոշ անդամներ» վերջին ամիսներուն իրենք զիրենք ծայրայեղ անպատասխանատու կերպով դրսեւորած են` այդպիսով «երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւն յառաջացնելով»:

«Այդ բանաձեւերը պատմութեան մէջ պիտի մնան որպէս ԱՄՆ Քոնկրեսի որոշ անդամներու` Թուրքիոյ դէմ ուղղուած անմիտ եւ անհոգ գործունէութեան պտուղ: Եւ զգալի ու երկարատեւ վնաս պիտի հասցնեն երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն»,- ընդգծած է ան:

Բացի դա, Ալթուն յիշեցուցած է Թուրքիոյ առաջարկը «1915-ի իրադարձութիւններուն անկողմնակալ գնահատական տալու համար պատմաբաններու միջազգային խումբ ստեղծելու վերաբերեալ»: Վերջինիս կարծիքով` «պատմութիւնը պէտք է ոչ թէ բաժնէ, այլ միաւորէ ազգերը»:

Թուրքիոյ նախագահականէն ետք չուշացաւ նաեւ ԱԳՆ արձագանգը: ԱՄՆ Ծերակոյտին որոշմին արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու: Ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է` ըսելով.

«ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին որոշումը քաղաքական բեմադրութիւն է: Անիկա իրաւական հենք եւ ուժ չունի: Անոնք որոնք պատմութիւնը կ՛օգտագործեն քաղաքական նպատակներով` վախկոտներ են, որոնք չեն ցանկար առերեսուիլ պատմութեան հետ»:

Արձագանքած է նաեւ Էրտողանի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը: Ան նշած է, որ այս որոշումը « թէ՛ քաղաքական,  թէ՛  տնտեսական, ռազմական, ոլորտի մէջ Թուրքիոյ վճռական դիրքորոշման վրայ ոչ մէկ կերպով ազդեցութիւն կրնայ ունենալ»:

Թուրքիայի խորհրդարանական ուժերը նոյնպէս դատապարտած են ԱՄՆ Ծերակոյտին որոշումը։

Իշխող  «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակացութեան  (ԱԶԿ-AKP) փոխնախագահ Մահիր Ունալը յայտարարած է, որ Թուրքիան ԱՄՆ Ծերակոյտի որոշումը կ՛ընդունի «առ ոչինչ»:

Խորհրդարանին մէջ  ներկայացուած 3 ընդդիմադիր ուժերը` «Ժողովրդահանրապետական» (CHP), «Ազգայնական շարժում» (MHP) եւ «Լաւ»  (İYİ PARTİ)  կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններու նախագահները դատապարտելով Ծերակոյտին կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը՝ յայտարարած են, որ ի պատասխան՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւնները եւս պէտք է հանդէս գան միասնական որոշումով:

ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը

ԱՄՆ Սենատի բանաձեւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակն է․ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ Սենատի բանաձեւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակն է․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր