ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քիչ առաջ միաձայն քուէարկութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող` ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսի ներկայացուցած թիւ 150 բանաձեւը:  Ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը վեթօ չդրաւ այս անգամ փաստաթուղթի քուէարկութեան վրայ: Վերջին ամիսներուն 3 անգամ հանրապետական տարբեր ծերակուտականներ` Քեւին Քրամըրը, Տէյվիտ Փերտիւն, Լինսի Կրահամը, արգելափակած ու չէին ձգած, որ բանաձեւը ընդգրկուի Ծերակոյտի օրակարգին մէջ: Հետաքրքրական է, որ 3 ծերակուտականներն ալ սկզբունքօրէն դէմ չեն արտայայտուած բանաձեւի ընդունման, սակայն նշած են, որ այժմ ատոր ժամանակը չէ: Անցնող ամիսներուն, բանաձեւին կողմ արտայայտուելու եւ քուէարկելու ուղղութեամբ համաամերիկեան աշխատանք  ծաւալած էր ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Բոլոր ծերակուտականները անոնց կազմակերպմամբ եղած են հայ ընտրողներու ուշադրութեան առարկան: Ի դէպ, մինչ քուէարկութիւնը, գրեթէ մէկ ժամ առաջ Քիմ Քարտաշեանն
13 Դեկտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քիչ առաջ միաձայն քուէարկութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող` ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսի ներկայացուցած թիւ 150 բանաձեւը: 

Ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը վեթօ չդրաւ այս անգամ փաստաթուղթի քուէարկութեան վրայ: Վերջին ամիսներուն 3 անգամ հանրապետական տարբեր ծերակուտականներ` Քեւին Քրամըրը, Տէյվիտ Փերտիւն, Լինսի Կրահամը, արգելափակած ու չէին ձգած, որ բանաձեւը ընդգրկուի Ծերակոյտի օրակարգին մէջ:

Հետաքրքրական է, որ 3 ծերակուտականներն ալ սկզբունքօրէն դէմ չեն արտայայտուած բանաձեւի ընդունման, սակայն նշած են, որ այժմ ատոր ժամանակը չէ: Անցնող ամիսներուն, բանաձեւին կողմ արտայայտուելու եւ քուէարկելու ուղղութեամբ համաամերիկեան աշխատանք  ծաւալած էր ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Բոլոր ծերակուտականները անոնց կազմակերպմամբ եղած են հայ ընտրողներու ուշադրութեան առարկան:

Ի դէպ, մինչ քուէարկութիւնը, գրեթէ մէկ ժամ առաջ Քիմ Քարտաշեանն ալ արձագանգած է Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին, եւ իր Instagram-ի էջին, շուրջ 135 միլիոն հետեւորդներուն կոչ ըրած  է զանգահարելու ծերակուտականներու գրասենեակ եւ պահանջելու կողմ ըլլալ ներկայացուած բանաձեւին:

Յիշեցնենք, որ այս բանաձեւէն անկախ, գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ փաստաթուղթ ընդունած էր նաեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը:

 

Հայկական տառարուեստը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ
Նախորդ նիւթը

Հայկական տառարուեստը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ

Անգարա արձագանգեց Սենատի որոշումին
Յաջորդ նիւթը

Անգարա արձագանգեց Սենատի որոշումին

ԱնցնիլՎեր