Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հատեց 10 միլիոնը

Աշխարհի մէջ «Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 10 մլն-ը: Ինչպէս կ’երեւայ worldometers.info կայքի՝ պարբերաբար թարմացուող տուեալներէն, 27 յունիսին արդէն աշխարհի մէջ վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը կազմած է 10 004 961: «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հիւանդութենէն մինչ օրս մահացած է 498 990 մարդ, ապաքինուած է 5 141 852-ը: Աշխոյժ վարակակիրներէն (4 091 119) ծանր կը գնահատուի 1 տոկոսի (57 701) վիճակը: Վերջին մէկ օրուան մէջ ողջ աշխարհի մէջ վարակման աւելի քան 106 հազար դէպք բացայայտուած է: Վարակման, ինչպէս նաեւ մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը աշխարհի մէջ ԱՄՆ-ն է, ուր վերջին օրերուն վարակման դէպքերու աճ կը նկատուի: Ընդհանուր առմամբ, ԱՄՆ-ի մէջ յայտնաբերուած է վարակման 2 581 648 դէպք, որոնցմէ 127 967-ը՝ մահուան ելքով: Վարակակիրներու թիւով
29 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հատեց 10 միլիոնը

Աշխարհի մէջ «Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 10 մլն-ը: Ինչպէս կ’երեւայ worldometers.info կայքի՝ պարբերաբար թարմացուող տուեալներէն, 27 յունիսին արդէն աշխարհի մէջ վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը կազմած է 10 004 961:

«Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հիւանդութենէն մինչ օրս մահացած է 498 990 մարդ, ապաքինուած է 5 141 852-ը: Աշխոյժ վարակակիրներէն (4 091 119) ծանր կը գնահատուի 1 տոկոսի (57 701) վիճակը: Վերջին մէկ օրուան մէջ ողջ աշխարհի մէջ վարակման աւելի քան 106 հազար դէպք բացայայտուած է:

Վարակման, ինչպէս նաեւ մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը աշխարհի մէջ ԱՄՆ-ն է, ուր վերջին օրերուն վարակման դէպքերու աճ կը նկատուի: Ընդհանուր առմամբ, ԱՄՆ-ի մէջ յայտնաբերուած է վարակման 2 581 648 դէպք, որոնցմէ 127 967-ը՝ մահուան ելքով:

Վարակակիրներու թիւով ԱՄՆ-ին կը յաջորդեն Պրազիլը (1 284 214), Ռուսաստանը (627 646), Հնդկաստանը (529 331), Մեծ Բրիտանիան (310 250):

Մահացութեան ցուցանիշով առաջատար երկիրներէն են Պրազիլը, Մեծ Բրիտանիան, Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան, Մեքսիքան:

Ժաննա Բարսեղեանն ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ
Նախորդ նիւթը

Ժաննա Բարսեղեանն ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ

Կը հաւաստիացնեմ, որ Արցախի սահմանները անառիկ են, իսկ բանակը առաւել եւս հզօրացնելուն միտուած մեր ջանքերը տարուէ տարի միայն պիտի բազմապատկուին. Արայիկ Յարութիւնեան
Յաջորդ նիւթը

Կը հաւաստիացնեմ, որ Արցախի սահմանները անառիկ են, իսկ բանակը առաւել եւս հզօրացնելուն միտուած մեր ջանքերը տարուէ տարի միայն պիտի բազմապատկուին. Արայիկ Յարութիւնեան

ԱնցնիլՎեր