Ապու Տապիի թագաժառանգը ԱՄՆ-ին առաջարկած է Ինճիրլիքի ռազմակայանը Թուրքիայէն տեղափոխել իր երկիր

Ապու Տապիի թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ ալ Նահեան ԱՄՆ-ին առաջարկած է Թուրքիոյ Ատանա նահանգի Ինճիրլիքի շրջանին մէջ տեղակայուած խարիսխը տեղափոխել ԱՄԷ:  Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ թագաժառանգը այդ քայլին դիմած է Թուրքիոյ հետ ունեցած հակասութիւններու, յատկապէս Լիպիոյ ճգնաժամին մէջ ունեցած հակառակ դիրքաւորման պատճառով: Կը հաղորդուի, որ առաջարկութիւնը արդէն ուղարկուած է Փենթակոն: Նշենք, որ Ինճիրլիքի ռազմական օդուժը կ’օգտագործուի ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու կողմէն։ Օդուժը կը գտնուի Ատանա քաղաքէն 8 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այն կը հանդիսանայ Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան ռազմակայանը:  
23 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ապու Տապիի թագաժառանգը ԱՄՆ-ին առաջարկած է Ինճիրլիքի ռազմակայանը Թուրքիայէն տեղափոխել իր երկիր

Ապու Տապիի թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ ալ Նահեան ԱՄՆ-ին առաջարկած է Թուրքիոյ Ատանա նահանգի Ինճիրլիքի շրջանին մէջ տեղակայուած խարիսխը տեղափոխել ԱՄԷ: 

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ թագաժառանգը այդ քայլին դիմած է Թուրքիոյ հետ ունեցած հակասութիւններու, յատկապէս Լիպիոյ ճգնաժամին մէջ ունեցած հակառակ դիրքաւորման պատճառով:

Կը հաղորդուի, որ առաջարկութիւնը արդէն ուղարկուած է Փենթակոն:

Նշենք, որ Ինճիրլիքի ռազմական օդուժը կ’օգտագործուի ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու կողմէն։ Օդուժը կը գտնուի Ատանա քաղաքէն 8 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այն կը հանդիսանայ Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան ռազմակայանը:

 

Դաւիթ Պապայեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով
Նախորդ նիւթը

Դաւիթ Պապայեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով

ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Լեւոն Բաշալեան
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Լեւոն Բաշալեան

ԱնցնիլՎեր