Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը

Երեւանի մէջ, Ապրիլ 28-30, պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը: Այն պիտի կայանայ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգի աջակցութեամբ: Fintech360-ի ընթացքին դրամատուներու, դրամական փոխանցումներու եւ վճարային համակարգերու, IT ընկերութիւններու, սթարթափերու ղեկավարները պիտի քննարկեն թէ ինչպէս նոր ճարտարագիտութիւնները պիտի օգնեն գործարարութեան առաջխաղացման ու զարգացման: Օրակարգի կարեւոր թեմաներն են՝ Ելեւմտական կազմակերպութիւններու յաճախորդներու վարքագծային յատկանիշները, Ինչպէ՞ս բարձրացնել յաճախորդներու հաւատարմութիւնը սուր մրցակցային պայմաններու ժամանակ, Big Data-ն ելեւմտական շուկայագիտութեան մէջ, Արհեստական բանականութիւնը ինչպէ՞ս կ՝օգնէ բարձրացնելու վտանգի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը եւ նուազեցնելու ծախսերը, Գերանվտանգութիւնը թուային դարաշրջանին, RegTech եւ համապատասխանութեան վտանգներու արդիւնաւէտ կառավարում, Կարգաւորում եւ նորարարական ճարտարագիտութիւնները ելեւմտական ոլորտէն ներս: Քննարկումներն ու կլոր սեղանները համաժողովի մասնակիցներուն հնարաւորութիւն
26 Փետրվարի 2020
5 ր. ընթերցում
Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը

Երեւանի մէջ, Ապրիլ 28-30, պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը: Այն պիտի կայանայ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգի աջակցութեամբ:

Fintech360-ի ընթացքին դրամատուներու, դրամական փոխանցումներու եւ վճարային համակարգերու, IT ընկերութիւններու, սթարթափերու ղեկավարները պիտի քննարկեն թէ ինչպէս նոր ճարտարագիտութիւնները պիտի օգնեն գործարարութեան առաջխաղացման ու զարգացման:

Օրակարգի կարեւոր թեմաներն են՝

Ելեւմտական կազմակերպութիւններու յաճախորդներու վարքագծային յատկանիշները,

Ինչպէ՞ս բարձրացնել յաճախորդներու հաւատարմութիւնը սուր մրցակցային պայմաններու ժամանակ,

Big Data-ն ելեւմտական շուկայագիտութեան մէջ,

Արհեստական բանականութիւնը ինչպէ՞ս կ՝օգնէ բարձրացնելու վտանգի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը եւ նուազեցնելու ծախսերը,

Գերանվտանգութիւնը թուային դարաշրջանին,

RegTech եւ համապատասխանութեան վտանգներու արդիւնաւէտ կառավարում,

Կարգաւորում եւ նորարարական ճարտարագիտութիւնները ելեւմտական ոլորտէն ներս:

Քննարկումներն ու կլոր սեղանները համաժողովի մասնակիցներուն հնարաւորութիւն պիտի տան փոխանակուելու փորձով, ընդլայնելու գործարար կապերու շրջանակը եւ ձեռք բերելու նոր գործընկերներ:

Fintech360-ը պիտի կայանայ Holiday Inn Yerevan Republic Square հիւրանոցի դահլիճին, ինչպէս նաեւ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնին մէջ:

Մասնակիցներուն կը սպասուի ոչ միայն յագեցած գործարարական օրակարգ, այլեւ անմոռանալի մշակութային ծրագիր: Հայաստան այցը պիտի յիշուի Գեղարդ, Գառնի, Դիլիջան եւ Սեւանայ լիճ հետաքրքրաշարժ ճանապարհորդութիւններով:

Համաժողովի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալու եւ արձանագրուելու համար այցելեցէք այստեղ

 

Ամերիկահայ մարզիկը ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է ու կրնայ մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ին
Նախորդ նիւթը

Ամերիկահայ մարզիկը ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է ու կրնայ մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ին

Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանի նստավայրը Երեւանէն տեղափոխուած է Թել Աւիւ
Յաջորդ նիւթը

Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանի նստավայրը Երեւանէն տեղափոխուած է Թել Աւիւ

ԱնցնիլՎեր