Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանի նստավայրը Երեւանէն տեղափոխուած է Թել Աւիւ

Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի նստավայրը տեղափոխուած է Թել Աւիւ: ՀՀ նախագահը Արմէն Սմբատեանը Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակելու հրամանագիրին մէջ ստորագրած է փոփոխութիւններու հրամանագիր, որու մէջ կ’արձանագրուի, որ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանի նստվայրը Երեւանէն կը տեղափոխուի Թել Աւիւ: «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 139-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Նորմաթիւ իրաւական աքթերու մասին» օրէնքի 34-րդ յօդուածի. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի 2018 թուականի 31 Մարտի «Ա. Սմբատեանը Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին» ՆՀ-200-Ա հրամանագրին մէջ «(նստավայրը՝ Երեւան)» բառերը փոխարինել «(նստավայրը՝ Թել Աւիւ)» բառերով»,- ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ: Թել Աւիւի մէջ դեսպանութիւն հիմնելու որոշման ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր 2019 Սեպտեմբերին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի պետութեան 
26 Փետրվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանի նստավայրը Երեւանէն տեղափոխուած է Թել Աւիւ

Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի նստավայրը տեղափոխուած է Թել Աւիւ: ՀՀ նախագահը Արմէն Սմբատեանը Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակելու հրամանագիրին մէջ ստորագրած է փոփոխութիւններու հրամանագիր, որու մէջ կ’արձանագրուի, որ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանի նստվայրը Երեւանէն կը տեղափոխուի Թել Աւիւ:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 139-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Նորմաթիւ իրաւական աքթերու մասին» օրէնքի 34-րդ յօդուածի. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի 2018 թուականի 31 Մարտի «Ա. Սմբատեանը Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին» ՆՀ-200-Ա հրամանագրին մէջ «(նստավայրը՝ Երեւան)» բառերը փոխարինել «(նստավայրը՝ Թել Աւիւ)» բառերով»,- ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:

Թել Աւիւի մէջ դեսպանութիւն հիմնելու որոշման ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր 2019 Սեպտեմբերին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի պետութեան  միջեւ  դիւանագիտական  յարաբերութիւնները  հաստատուած են 1992 Ապրիլին: 2018 Մարտէն Իսրայէլի պետութեան մէջ ՀՀ դեսպանը Արմէն Սմբատեանն է:

Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը
Նախորդ նիւթը

Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը

«Մենք կտրականապէս դէմ ենք ընտրակեղծիքին» Վարչապետ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

«Մենք կտրականապէս դէմ ենք ընտրակեղծիքին» Վարչապետ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր