Ամերիկահայ մարզիկը ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է ու կրնայ մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ին

«Ես պաշտօնապէս Հայաստանի քաղաքացի եմ: Սա իմ հպարտանալիք նուաճումներէն է, յաղթանակներէս մէկն է»,- Ինսթակրամի իր էջին գրած է ԱՄՆ-ն ներկայացնող հայազգի թեթեւ վազքի (աթլեթ) Ալիսըն Հալուըրսընը։ Այսպիսով տեղեկացնելով, որ ինք ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է, ու, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ներկայացնէ մեր երկիրը Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն: Ան նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է հայկական անձնագրով։ Ալիսըն նաեւ պատմական ակնարկ ըրած է. «Աւելի քան 100 տարի առաջ իմ նախնիները աշխարհի վրայ պատահած ամենադժուար ժամանկաները ապրած են, ատոր մէջէն անցած են … անոնցմէ շատերը իրենց կեանքը կորսնցուցած են, բայց պապիկս դժուարութեամբ կրցած է փրկուիլ Հայոց Ցեղասպանութենէն։ Ան աղջկայ զգեստ  հագած  նաւով հասած է  Էլիս կղզի: Առանց իմ նախնիներու զոհողութիւններուն
26 Փետրվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Ամերիկահայ մարզիկը ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է ու կրնայ մասնակցիլ Թոքիօ-2020-ին

«Ես պաշտօնապէս Հայաստանի քաղաքացի եմ: Սա իմ հպարտանալիք նուաճումներէն է, յաղթանակներէս մէկն է»,- Ինսթակրամի իր էջին գրած է ԱՄՆ-ն ներկայացնող հայազգի թեթեւ վազքի (աթլեթ) Ալիսըն Հալուըրսընը։

Այսպիսով տեղեկացնելով, որ ինք ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է, ու, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ներկայացնէ մեր երկիրը Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն: Ան նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է հայկական անձնագրով։

Ալիսըն նաեւ պատմական ակնարկ ըրած է. «Աւելի քան 100 տարի առաջ իմ նախնիները աշխարհի վրայ պատահած ամենադժուար ժամանկաները ապրած են, ատոր մէջէն անցած են … անոնցմէ շատերը իրենց կեանքը կորսնցուցած են, բայց պապիկս դժուարութեամբ կրցած է փրկուիլ Հայոց Ցեղասպանութենէն։ Ան աղջկայ զգեստ  հագած  նաւով հասած է  Էլիս կղզի: Առանց իմ նախնիներու զոհողութիւններուն ու քաջութեան` ես այսօր այստեղ չէի ըլլար: Ես սիրահարուած եմ այս հրաշալի, գեղեցիկ, հիւրընկալ եւ զօրաւոր երկրին ու անհամբերութեամբ կը սպասեմ տեսնելու, թէ ապագան ինչ պատրաստած է ինծի եւ Հայաստանի համար»:

Վարչապետ. Հայաստանէն ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանումն աճած է 10,3 տոկոսով
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ. Հայաստանէն ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանումն աճած է 10,3 տոկոսով

Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը
Յաջորդ նիւթը

Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը

ԱնցնիլՎեր