Ատամ Շիֆ Արցախի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ճանչցող օրինագիծ պիտի ներկայացնէ Քոնկրես

ԱՄՆ Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբի փոխնախագահ Ատամ Շիֆ Քոնկրես պիտի ներկայացնէ օրինագիծ, որով կոչ կ’ըլլայ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ դատապարտելու Ատրպէյճանի յարձակումը: Ան այս մասին յայտնած է Asbarez News-ին, որն ալ թուիթըրեան էջին հրապարակած է համապատասխան տեսանիւթ: «Վաղը առաւօտեան ես պիտի ներկայացնեմ օրինագիծ՝ ճանչնալու Արցախը, Արցախի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Ասով ԱՄՆ-ն պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ես չափազանց մտահոգուած եմ, որ Ատրպէյճանը հերթական պատերազմը կը ծրագրէ Արցախի դէմ, հերթական պատերազմը Հայաստանի դէմ, եւ կը կարծեմ, որ սա հզօր ուղերձ պիտի ըլլայ Պաքուի բռնապետին, որ երկկուսակցական հիմունքներով Քոնկրեսը սատար պիտի կանգնի Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն», -ըսած է
25 Ապրիլի 2023
2 ր. ընթերցում
Ատամ Շիֆ Արցախի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ճանչցող օրինագիծ պիտի ներկայացնէ Քոնկրես

ԱՄՆ Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբի փոխնախագահ Ատամ Շիֆ Քոնկրես պիտի ներկայացնէ օրինագիծ, որով կոչ կ’ըլլայ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ դատապարտելու Ատրպէյճանի յարձակումը:

Ան այս մասին յայտնած է Asbarez News-ին, որն ալ թուիթըրեան էջին հրապարակած է համապատասխան տեսանիւթ:

«Վաղը առաւօտեան ես պիտի ներկայացնեմ օրինագիծ՝ ճանչնալու Արցախը, Արցախի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Ասով ԱՄՆ-ն պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ես չափազանց մտահոգուած եմ, որ Ատրպէյճանը հերթական պատերազմը կը ծրագրէ Արցախի դէմ, հերթական պատերազմը Հայաստանի դէմ, եւ կը կարծեմ, որ սա հզօր ուղերձ պիտի ըլլայ Պաքուի բռնապետին, որ երկկուսակցական հիմունքներով Քոնկրեսը սատար պիտի կանգնի Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն», -ըսած է Շիֆ:

Կոչ կ'ընենք Ռուսիոյ կատարելու իր պարտաւորութիւնը. Ալեն Սիմոնեան
Նախորդ նիւթը

Կոչ կ’ընենք Ռուսիոյ կատարելու իր պարտաւորութիւնը. Ալեն Սիմոնեան

Աշխարհը մօտեցած է վտանգաւոր սահմանագծին. Լաւրով ՄԱԿ-ի մէջ կոչ ըրած է վերադառնալու ակունքներուն
Յաջորդ նիւթը

Աշխարհը մօտեցած է վտանգաւոր սահմանագծին. Լաւրով ՄԱԿ-ի մէջ կոչ ըրած է վերադառնալու ակունքներուն

ԱնցնիլՎեր