Աշխարհը մօտեցած է վտանգաւոր սահմանագծին. Լաւրով ՄԱԿ-ի մէջ կոչ ըրած է վերադառնալու ակունքներուն

Պաղ պատերազմէն ի վեր աշխարհը թերեւս հասած է աւելի վտանգաւոր գիծի, իրավիճակը սրած է ԱՄՆ-ի եւ իր դաշնակիցներու՝ դիւանագիտութենէն հրաժարելով: Այս մասին երկուշաբթի օր յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Այն նուիրուած է «կազմակերպութեան կանոնադրութեան սկզբունքներու պաշտպանութեան միջոցով արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան»։ «Կրկին, ինչպէս Պաղ պատերազմի տարիներուն, մենք մօտեցանք վտանգաւոր, եւ թերեւս նոյնիսկ աւելի վտանգաւոր գիծի:Իրավիճակը սրած է բազմակողմանիութեան նկատմամբ հաւատի կորուստով, երբ Արեւմուտքի ֆինանսատնտեսական յարձակումը կ’ոչնչացնէ համաշարհայնեցման առաւելութիւնները, երբ ԱՄՆ-ն եւ իր դաշնակիցները կը հրաժարին դիւանագիտութենէն ու կը պահանջեն յարաբերութիւնները «ռազմի դաշտին մէջ» պարզել: Այս ամէնը ՄԱԿ-ի պատերէն ներս է, որn ստեղծուած է պատերազմի
25 Ապրիլի 2023
4 ր. ընթերցում
Աշխարհը մօտեցած է վտանգաւոր սահմանագծին. Լաւրով ՄԱԿ-ի մէջ կոչ ըրած է վերադառնալու ակունքներուն

Պաղ պատերազմէն ի վեր աշխարհը թերեւս հասած է աւելի վտանգաւոր գիծի, իրավիճակը սրած է ԱՄՆ-ի եւ իր դաշնակիցներու՝ դիւանագիտութենէն հրաժարելով: Այս մասին երկուշաբթի օր յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Այն նուիրուած է «կազմակերպութեան կանոնադրութեան սկզբունքներու պաշտպանութեան միջոցով արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան»։

«Կրկին, ինչպէս Պաղ պատերազմի տարիներուն, մենք մօտեցանք վտանգաւոր, եւ թերեւս նոյնիսկ աւելի վտանգաւոր գիծի:Իրավիճակը սրած է բազմակողմանիութեան նկատմամբ հաւատի կորուստով, երբ Արեւմուտքի ֆինանսատնտեսական յարձակումը կ’ոչնչացնէ համաշարհայնեցման առաւելութիւնները, երբ ԱՄՆ-ն եւ իր դաշնակիցները կը հրաժարին դիւանագիտութենէն ու կը պահանջեն յարաբերութիւնները «ռազմի դաշտին մէջ» պարզել: Այս ամէնը ՄԱԿ-ի պատերէն ներս է, որn ստեղծուած է պատերազմի սարսափները կանխելու համար»,-ըսած է նախարարը:

ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարը կոչ ըրած է պահպանելու ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներն ու սկզբունքները եւ յարմարեցնելու համաշխարհային կազմակերպութիւնը «միջազգային յարաբերութիւններու բազմաբեւեռ ճարտարապետութեան ձեւաւորման առարկայական միտումներուն»։

Նախարարի խօսքով՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ պէտք է ընդգրկուին Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Լատինական Ամերիկայի աւելի շատ երկիրներ, իսկ այժմ այնտեղ կը նկատուի «Արեւմուտքի գերներկայացուածութիւնը»։

Ատամ Շիֆ Արցախի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ճանչցող օրինագիծ պիտի ներկայացնէ Քոնկրես
Նախորդ նիւթը

Ատամ Շիֆ Արցախի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ճանչցող օրինագիծ պիտի ներկայացնէ Քոնկրես

Ատրպէյճանի վերջին քայլէն ետք արցախեան կարգ մը շրջաններ ամբողջովին շրջափակուած. Պետնախարար
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի վերջին քայլէն ետք արցախեան կարգ մը շրջաններ ամբողջովին շրջափակուած. Պետնախարար

ԱնցնիլՎեր