Ատրպէյճանը Լաչինը շրջանցող ճանապարհ կը կառուցէ

44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, մասնաւորապէս, Իլհամ Ալիեւի հռչակած «արեւելեան Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի տնտեսական շրջաններուն մէջ» ճանապարհաշինարարական աշխատանքներ կ’ընթանան: Լաչինը շրջանցող մայրուղի կը կառուցուի, որուն շինաշխատանքներու ընթացքը ներկայացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` հրապարակելով լուսանկարներ: Հրապարակումներուն մէջ կը նշուի, որ Լաչինը շրջանցող մայրուղին պիտի ունենայ 32 քմ երկարութիւն, երթեւեկելի մասին լայնութիւնը, ըստ նախագիծին, 7 մեթր պիտի ըլլայ, ստորգետնեայ մասին լայնութիւնը` 12 մեթր, ճամբեզրերու լայնութիւնը` 5 մեթր: Ներկայիս բարդ տեղանքով անցնող ճանապարհի երկայնքով մեծածաւալ շինարարական աշխատանքներ կ’ընթանան, արհեստական կցակառոյցներ, ջրահեռացման համակարգեր կը կառուցուին: Այս նպատակով ճանապարհի 22-րդ քիլոմեթրին մէջ կը կառուցուի 139,5 մեթր երկարութեամբ կամուրջ: Նոր մայրուղիի կառուցումը կը
21 Ապրիլի 2022
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը Լաչինը շրջանցող ճանապարհ կը կառուցէ

44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, մասնաւորապէս, Իլհամ Ալիեւի հռչակած «արեւելեան Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի տնտեսական շրջաններուն մէջ» ճանապարհաշինարարական աշխատանքներ կ’ընթանան:

Լաչինը շրջանցող մայրուղի կը կառուցուի, որուն շինաշխատանքներու ընթացքը ներկայացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` հրապարակելով լուսանկարներ:

Հրապարակումներուն մէջ կը նշուի, որ Լաչինը շրջանցող մայրուղին պիտի ունենայ 32 քմ երկարութիւն, երթեւեկելի մասին լայնութիւնը, ըստ նախագիծին, 7 մեթր պիտի ըլլայ, ստորգետնեայ մասին լայնութիւնը` 12 մեթր, ճամբեզրերու լայնութիւնը` 5 մեթր:

Ներկայիս բարդ տեղանքով անցնող ճանապարհի երկայնքով մեծածաւալ շինարարական աշխատանքներ կ’ընթանան, արհեստական կցակառոյցներ, ջրահեռացման համակարգեր կը կառուցուին: Այս նպատակով ճանապարհի 22-րդ քիլոմեթրին մէջ կը կառուցուի 139,5 մեթր երկարութեամբ կամուրջ:

Նոր մայրուղիի կառուցումը կը վերահսկուի Ատրպէյճանի ճանապարհներու պետական գործակալութեան կողմէ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր
Նախորդ նիւթը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր

Մենք բոլորս մեղաւոր ենք, որ համաձայն չենք եղած զիջումներու. Մարուքեան
Յաջորդ նիւթը

Մենք բոլորս մեղաւոր ենք, որ համաձայն չենք եղած զիջումներու. Մարուքեան

ԱնցնիլՎեր