Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: Որոշումը ստորագրեց քաղաքապետ Քենսոն Սիլվերը։ Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքային խորհուրդին՝ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին հայ համայնքին միանալու համար։ «Ցեղասպանութիւններու շարքը պիտի շարունակուի, եթէ մենք մեղաւորները պատասխանատուութեան չենթարկենք»,- յաւելեց Միշիկընի հայ դատի յանձնախումբը։ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակուած է նաեւ Միշիկըն նահանգի մէկ այլ քաղաք՝ Ֆարմինկթոն Հիլզը:
21 Ապրիլի 2022
1 ր. ընթերցում
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի Սաութֆիլտ քաղաքը ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: Որոշումը ստորագրեց քաղաքապետ Քենսոն Սիլվերը։

Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքային խորհուրդին՝ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին հայ համայնքին միանալու համար։

«Ցեղասպանութիւններու շարքը պիտի շարունակուի, եթէ մենք մեղաւորները պատասխանատուութեան չենթարկենք»,- յաւելեց Միշիկընի հայ դատի յանձնախումբը։

Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակուած է նաեւ Միշիկըն նահանգի մէկ այլ քաղաք՝ Ֆարմինկթոն Հիլզը:

Նիկոլ Փաշինեանի երկօրեայ պաշտօնական այցը Ռուսիա աւարտած է
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանի երկօրեայ պաշտօնական այցը Ռուսիա աւարտած է

Ատրպէյճանը Լաչինը շրջանցող ճանապարհ կը կառուցէ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը Լաչինը շրջանցող ճանապարհ կը կառուցէ

ԱնցնիլՎեր