Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ բողոքել, թէ իբր հայկական հրետանին կը կրակէ իրենց գիւղերու ուղղութեամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը շարունակեն սեփական հրետանային միջոցները տեղակայել սեփական գիւղերու հարեւանութեամբ՝ վտանգի ենթարկելով իրենց քաղաքացիները:
Razm.info-ն կը յայտնէ, որ 8 հոկտեբերին առնուած արբանեակային լուսանկարին մէջ Ատրպէյճանի Թարթառի շրջանի Ասքիպարա, Սահլապատ եւ Տուեարլու գիւղերն են, իսկ անոնց մէջտեղը 130մմ տրամաչափի Մ-46 թնդանոթի 3 մարտկոցի դիրք, ընդ որում դիրքերը փորուած են համեմատաբար վերջին ժամանակաշրջանին:
Հրետանային մարտկոցներէն մէկը Ասքիպարա գիւղի տուներէն մէկէն տեղակայուած է ընդամէնը շուրջ 50մ հեռաւորութեան վրայ:
Ըստ էութեան այս պարագային եւս սեփական գիւղերով շրջապատած են իրենց հրետանային դիրքերը՝ բնակչութեան դարձնելով վահան: