Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է զրահամեքենաներու կուտակում, որոնք ոչնչացուած են հայկական ուժերուն կողմէ

Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի զրահամեքենաներու կուտակում, որ Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու ճշգրիտ կրակով ոչնչացուած է: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը։ «Այսօր ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ շարունակուած են մարտական գործողութիւնները, որու ընթացքին տարբեր ուղղութիւններով թշնամական ուժերը ձեռնարկած են յարձակման փորձեր, որոնք ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերու հետեւանքով չէզոքացուած են: Մասնաւորապէս Քարին տակի եւ Լիսագորի հատուածներուն մէջ նկատուած թշնամական փոքր խումբերը ոչնչացուած են մեր դիպուկահարներու եւ այլ կրակային միջոցներու դիպուկ կրակով: Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի զրահամեքենաներու կուտակում, որ եւս ՊԲ ստորաբաժանումներու ճշգրիտ կրակով ոչնչացուած է: Ներկայիս կը շարունակուին ներթափանցող խումբերու յայտնաբերման եւ ոչնչացման գործողութիւնները»,- կը յայտնէ Պաշսպանութեան Բանակը։
5 Նոյեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է զրահամեքենաներու կուտակում, որոնք ոչնչացուած են հայկական ուժերուն կողմէ

Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի զրահամեքենաներու կուտակում, որ Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու ճշգրիտ կրակով ոչնչացուած է: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը։

«Այսօր ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ շարունակուած են մարտական գործողութիւնները, որու ընթացքին տարբեր ուղղութիւններով թշնամական ուժերը ձեռնարկած են յարձակման փորձեր, որոնք ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերու հետեւանքով չէզոքացուած են: Մասնաւորապէս Քարին տակի եւ Լիսագորի հատուածներուն մէջ նկատուած թշնամական փոքր խումբերը ոչնչացուած են մեր դիպուկահարներու եւ այլ կրակային միջոցներու դիպուկ կրակով: Շուշիի ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի զրահամեքենաներու կուտակում, որ եւս ՊԲ ստորաբաժանումներու ճշգրիտ կրակով ոչնչացուած է:

Ներկայիս կը շարունակուին ներթափանցող խումբերու յայտնաբերման եւ ոչնչացման գործողութիւնները»,- կը յայտնէ Պաշսպանութեան Բանակը։

Ատրպէյճանը կը թիրախաւորէ սեփական քաղաքացիները․ Razm.info
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը կը թիրախաւորէ սեփական քաղաքացիները․ Razm.info

Մարտեր Շուշի տանող ճանապարհին. Բացառիկ տեսանիւթ՝ ANNA News Military-էն
Յաջորդ նիւթը

Մարտեր Շուշի տանող ճանապարհին. Բացառիկ տեսանիւթ՝ ANNA News Military-էն

ԱնցնիլՎեր