Ատրպէյճանը կրակած է հայկական խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ․ տուժած է Թաղավարդի բնակիչներէն մէկու տունը

6 Սեպտեմբերին՝ ժամը 19:30-ի սահմաններուն, Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ բնակավայրերու ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ատրպէյճանական կողմը կրակած է հայկական դիրքերու եւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը։ Ան նշած է, որ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով տուժած է Թաղավարդ համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը։ Տան ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն 3 գնդակ խոցած են տան պատը, 1 գնդակ՝ ննջասենեակներէն մէկու պատուհանը։ Ատրպէյճանական կրակոցներէն տուժած տան մէջ կը բնակին 6 քաղաքացիական անձինք, որոնցմէ մէկը՝ անչափահաս երեխայ։ Կէսգիշերն անց ատրպէյճանական կողմը շարունակած է կրակոցները, որոնց հետեւանքով տուժածներ եւ նիւթական վնաս չէ արձանագրուած։ Դէպքի վերաբերեալ տեղեկացուած են ռուս խաղաղապահներն ու Արցախի իրաւապահ
7 Սեպտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը կրակած է հայկական խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ․ տուժած է Թաղավարդի բնակիչներէն մէկու տունը

6 Սեպտեմբերին՝ ժամը 19:30-ի սահմաններուն, Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ բնակավայրերու ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ատրպէյճանական կողմը կրակած է հայկական դիրքերու եւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը։

Ան նշած է, որ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով տուժած է Թաղավարդ համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը։ Տան ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն 3 գնդակ խոցած են տան պատը, 1 գնդակ՝ ննջասենեակներէն մէկու պատուհանը։

Ատրպէյճանական կրակոցներէն տուժած տան մէջ կը բնակին 6 քաղաքացիական անձինք, որոնցմէ մէկը՝ անչափահաս երեխայ։

Կէսգիշերն անց ատրպէյճանական կողմը շարունակած է կրակոցները, որոնց հետեւանքով տուժածներ եւ նիւթական վնաս չէ արձանագրուած։

Դէպքի վերաբերեալ տեղեկացուած են ռուս խաղաղապահներն ու Արցախի իրաւապահ մարմինները։

Պաքուէն հայրենիք կը վերադառնայ երկու գերի
Նախորդ նիւթը

Պաքուէն հայրենիք կը վերադառնայ երկու գերի

«ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հրթիռային ներուժի աճով». Սթոլթընպըրկ
Յաջորդ նիւթը

«ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հրթիռային ներուժի աճով». Սթոլթընպըրկ

ԱնցնիլՎեր