«ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հրթիռային ներուժի աճով». Սթոլթընպըրկ

ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի միջուկային ներուժի աճով եւ մեծ թափանցիկութեան կոչ կ’ընէ: «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը՝ ելոյթ ունենալով սպառազինման վերահսկողութեան եւ զանգուածային ոչնչացման զէնք չտարածելու հարցով ՆԱԹՕ-ի ամենամեայ համաժողովին: Համաժողովը, որ 17-րդ անգամ կը կայանայ 6-7 Սեպտեմբերին, կազմակերպուած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի եւ Դանիայի ԱԳՆ-ի կողմէ: «Ռուսաստանը կը շարունակէ անտեսել եւ խախտել կանոնները: Ռուսաստանը կը զարգացնէ իր միջուկային հնարաւորութիւնները, այդ շարքին՝ միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռներինը»,- ըսած է Սթոլթընպըրկը: Վերջինիս խօսքով՝ Ռուսաստանը «շահագործման յանձնած է գերձայնային համակարգեր, պալիսթիք հրթիռների, միջուկային սարքաւորմամբ թեւաւոր հրթիռներու փորձարկումներ իրականացուցած է»: Չինաստանը, անոր խօսքով, արագ կը զարգացնէ
7 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
«ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հրթիռային ներուժի աճով». Սթոլթընպըրկ

ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի միջուկային ներուժի աճով եւ մեծ թափանցիկութեան կոչ կ’ընէ: «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը՝ ելոյթ ունենալով սպառազինման վերահսկողութեան եւ զանգուածային ոչնչացման զէնք չտարածելու հարցով ՆԱԹՕ-ի ամենամեայ համաժողովին:

Համաժողովը, որ 17-րդ անգամ կը կայանայ 6-7 Սեպտեմբերին, կազմակերպուած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի եւ Դանիայի ԱԳՆ-ի կողմէ:

«Ռուսաստանը կը շարունակէ անտեսել եւ խախտել կանոնները: Ռուսաստանը կը զարգացնէ իր միջուկային հնարաւորութիւնները, այդ շարքին՝ միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռներինը»,- ըսած է Սթոլթընպըրկը:

Վերջինիս խօսքով՝ Ռուսաստանը «շահագործման յանձնած է գերձայնային համակարգեր, պալիսթիք հրթիռների, միջուկային սարքաւորմամբ թեւաւոր հրթիռներու փորձարկումներ իրականացուցած է»: Չինաստանը, անոր խօսքով, արագ կը զարգացնէ միջուկային ներուժը: Սթոլթընպըրկը աւելցուցած է, որ «թափանցիկութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը կը համապատասխանէ ընդհանուր շահերուն»:

Ատրպէյճանը կրակած է հայկական խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ․ տուժած է Թաղավարդի բնակիչներէն մէկու տունը
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը կրակած է հայկական խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ․ տուժած է Թաղավարդի բնակիչներէն մէկու տունը

Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր․ Ալիեւի խորհրդական
Յաջորդ նիւթը

Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր․ Ալիեւի խորհրդական

ԱնցնիլՎեր