Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ «սխալմամբ» խոցած է ռուսական ուղղաթիռը

Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ «սխալմամբ» խոցած է ռուսական ուղղաթիռը։ Այս մասին յայտարարած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։  Ատրպէյճանական կողմը պատճառաբանած է, թէ «ուղղաթիռի թռիչքը տեղի ունեցած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին մօտակայքը, մինչդեռ այդ ընթացքին ուժգին ռազմական բախումները կը շարունակուին հայ-ատրպէյճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ»։ Պաքուն ներողութիւն խնդրած է «միջադէպի համար» ու յայտարարած, թէ պատրաստ է փոխհատուցելու զոհուած օդաչուներու ընտանիքներուն։ Աւելի վաղ յայտնած էինք, ատրպէյճանական զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ Նախիջեւանի ուղղութեամբ, ռուսական ուղղաթիռ խփած են: 
9 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ «սխալմամբ» խոցած է ռուսական ուղղաթիռը

Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ «սխալմամբ» խոցած է ռուսական ուղղաթիռը։ Այս մասին յայտարարած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ 

Ատրպէյճանական կողմը պատճառաբանած է, թէ «ուղղաթիռի թռիչքը տեղի ունեցած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին մօտակայքը, մինչդեռ այդ ընթացքին ուժգին ռազմական բախումները կը շարունակուին հայ-ատրպէյճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ»։ Պաքուն ներողութիւն խնդրած է «միջադէպի համար» ու յայտարարած, թէ պատրաստ է փոխհատուցելու զոհուած օդաչուներու ընտանիքներուն։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, ատրպէյճանական զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ Նախիջեւանի ուղղութեամբ, ռուսական ուղղաթիռ խփած են: 

Գերեվարուած է թշնամիի երկու զինծառայող. ՀՀ ՊՆ խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Գերեվարուած է թշնամիի երկու զինծառայող. ՀՀ ՊՆ խօսնակ

Հրապարակուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ կայացած համաձայնութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Հրապարակուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ կայացած համաձայնութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը

ԱնցնիլՎեր