Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնած է լուծելու Հայաստանի հետ սահմանի հարցը

Պաքուն կը սատարէ ատրպէյճանահայկական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով եռակողմ յանձնաժողով ստեղծելու Մոսկուայի առաջարկին, ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է կառուցողական աշխատանքի Երեւանի հետ, ըսած է Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը: Կը հաղորդէ Ria.ru-ն։ Ատրպէյճանի վարչապետը  ելոյթ ունեցած է Մինսքի մէջ՝ ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ: «Ատրպէյճանը սկսած է սահմանային ենթակառուցուածքներու որոշման գործընթացը եւ պատրաստ է կառուցողական լուծման Հայաստանի հետ սահմանագծման  հարցով: Այդ կապակցութեամբ Ատրպէյճանը կը սատարէ ռուսական կողմի առաջարկին՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման եռակողմ յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ: Սահմանային գիծերու որոշումը տեխնիկական գործընթաց է, եւ այդ գործընթացը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային լուրջ իրաւական հիմքի վրայ», – մէջբերած է Ասատովի մամուլի ծառայութիւնը:
31 Մայիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնած է լուծելու Հայաստանի հետ սահմանի հարցը

Պաքուն կը սատարէ ատրպէյճանահայկական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով եռակողմ յանձնաժողով ստեղծելու Մոսկուայի առաջարկին, ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է կառուցողական աշխատանքի Երեւանի հետ, ըսած է Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը: Կը հաղորդէ Ria.ru-ն։

Ատրպէյճանի վարչապետը  ելոյթ ունեցած է Մինսքի մէջ՝ ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:

«Ատրպէյճանը սկսած է սահմանային ենթակառուցուածքներու որոշման գործընթացը եւ պատրաստ է կառուցողական լուծման Հայաստանի հետ սահմանագծման  հարցով: Այդ կապակցութեամբ Ատրպէյճանը կը սատարէ ռուսական կողմի առաջարկին՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման եռակողմ յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ: Սահմանային գիծերու որոշումը տեխնիկական գործընթաց է, եւ այդ գործընթացը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային լուրջ իրաւական հիմքի վրայ», – մէջբերած է Ասատովի մամուլի ծառայութիւնը:

Հայկական կողմը կ՚ուսումնասիրէ Զանգեզուրէն անցնող միջանցքի հարցը. Ալիեւ
Նախորդ նիւթը

Հայկական կողմը կ՚ուսումնասիրէ Զանգեզուրէն անցնող միջանցքի հարցը. Ալիեւ

Ես շատ դժուարութեամբ այս որոշումն ընդունած եմ. ԱԳ նախկին նախարար
Յաջորդ նիւթը

Ես շատ դժուարութեամբ այս որոշումն ընդունած եմ. ԱԳ նախկին նախարար

ԱնցնիլՎեր