Հայկական կողմը կ՚ուսումնասիրէ Զանգեզուրէն անցնող միջանցքի հարցը. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ հայկական կողմը կ’ուսումնասիրէ «Զանգեզուրի միջանցքի անխուսափելիութեան հարցերը»: Minval.az-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան խօսած է կիրակի՝ ընդունելով Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: «Պատերազմի աւարտէն ետք առաջին փուլին Հայաստանը դէմ հանդէս կու գար այս հարցին: Սակայն վերջերս ինծի տեղեկացուցած են, որ հայկական կողմը պատշաճ կերպով կ’ուսումնասիրէ այդ միջանցքի անխուսափելիութեան վերաբերեալ հարցերը: Ինչպէս գիտէք, քննարկումները այժմ կ’ընթանան եռակողմ ձեւաչափով: Այդ հարցը կը քննարկուի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբի շրջանակէն ներս»,- ըսած է Ալիեւը:   «Զանգեզուրի միջանցքը նոր կապ պիտի ստեղծէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Մենք արդէն սկսած ենք Հորատիզէն մինչեւ Հայաստանի
31 Մայիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Հայկական կողմը կ՚ուսումնասիրէ Զանգեզուրէն անցնող միջանցքի հարցը. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ հայկական կողմը կ’ուսումնասիրէ «Զանգեզուրի միջանցքի անխուսափելիութեան հարցերը»: Minval.az-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան խօսած է կիրակի՝ ընդունելով Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

«Պատերազմի աւարտէն ետք առաջին փուլին Հայաստանը դէմ հանդէս կու գար այս հարցին: Սակայն վերջերս ինծի տեղեկացուցած են, որ հայկական կողմը պատշաճ կերպով կ’ուսումնասիրէ այդ միջանցքի անխուսափելիութեան վերաբերեալ հարցերը: Ինչպէս գիտէք, քննարկումները այժմ կ’ընթանան եռակողմ ձեւաչափով: Այդ հարցը կը քննարկուի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբի շրջանակէն ներս»,- ըսած է Ալիեւը:  

«Զանգեզուրի միջանցքը նոր կապ պիտի ստեղծէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Մենք արդէն սկսած ենք Հորատիզէն մինչեւ Հայաստանի հետ սահմանը երկարող երկաթուղիի կառուցումը: Վստահ եմ, որ առաջիկայ երկու կամ երկուքուկէս տարուան մէջ այդ երկաթուղին կը շահագործուի: Նախիջեւանի երկաթուղիի մեծ մասը կը գործէ, պակսող հատուածը կը կառուցուի: Զանգեզուրի միջանցքի կարեւոր հատուածը պէտք է կառուցուի Հայաստանի մէջ: Այդպիսով նոր միջանցք կը բացուի, եւ այդ կապը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ աւելի ամուր կը դառնայ»,- նշած է ատրպէյճանցի ղեկավարը:

«Լուսաւոր Հայաստան»ը ներկայացուց իր ցուցակի առաջին քսանեակը
Նախորդ նիւթը

«Լուսաւոր Հայաստան»ը ներկայացուց իր ցուցակի առաջին քսանեակը

Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնած է լուծելու Հայաստանի հետ սահմանի հարցը
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնած է լուծելու Հայաստանի հետ սահմանի հարցը

ԱնցնիլՎեր