Ատրպէյճանը պէտք է հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու․ Մենենտես

Ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի խախտումը վտանգաւոր եւ յարձակման անօրինական դրսեւորում է, որ կ’ընդգծէ այն մշտական վտանգը, որուն շարունակ կը բախուի հայ ժողովուրդը, ըսուած է ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսը իր յայտարարութեան մէջ, ուր անդրադարձած է Սիւնիքի մէջ Ատրպէյճանի ապօրինի ներթափանցման: «Այսօր ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանի հետ իմ զրոյցէն ետք յստակ դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային հանրութիւնը որպէս ամբողջութիւն պէտք է վճռականօրէն արձագանգէ այս ներխուժման, որպէսզի Ատրպէյճանը հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու։ Կոչ կ’ընեմ Պայտընի վարչակազմին զբաղուելու այդ հարցով բարձրագոյն մակարդակով՝ յստակեցնելով, որ Ատրպէյճանը պէտք է յարգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, եւ
14 Մայիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը պէտք է հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու․ Մենենտես

Ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի խախտումը վտանգաւոր եւ յարձակման անօրինական դրսեւորում է, որ կ’ընդգծէ այն մշտական վտանգը, որուն շարունակ կը բախուի հայ ժողովուրդը, ըսուած է ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսը իր յայտարարութեան մէջ, ուր անդրադարձած է Սիւնիքի մէջ Ատրպէյճանի ապօրինի ներթափանցման:

«Այսօր ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանի հետ իմ զրոյցէն ետք յստակ դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային հանրութիւնը որպէս ամբողջութիւն պէտք է վճռականօրէն արձագանգէ այս ներխուժման, որպէսզի Ատրպէյճանը հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու։

Կոչ կ’ընեմ Պայտընի վարչակազմին զբաղուելու այդ հարցով բարձրագոյն մակարդակով՝ յստակեցնելով, որ Ատրպէյճանը պէտք է յարգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, եւ որ հետագայ սպառնալիքներն ու յարձակումը անընդունելի են»։

 

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը պէտք է կարգաւորել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով. Էլիզեան պալատ
Նախորդ նիւթը

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը պէտք է կարգաւորել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով. Էլիզեան պալատ

Իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերու՝ նախկին դիրքեր ետ վերադարձով. խօսած են Փաշինեանն ու Փութինը
Յաջորդ նիւթը

Իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերու՝ նախկին դիրքեր ետ վերադարձով. խօսած են Փաշինեանն ու Փութինը

ԱնցնիլՎեր