Իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերու՝ նախկին դիրքեր ետ վերադարձով. խօսած են Փաշինեանն ու Փութինը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Նիկոլ Փաշինեանը ՌԴ նախագահին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի անկախ տարածք՝ Սիւնիքի մարզ ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի մասին: ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը նախագահ Փութինին տեղեկացուցած է նաեւ, որ ինք այսօր յանձնարարած է պաշտօնապէս դիմել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի ընթացակագրերու 2-րդ յօդուածին համապատասխան խորհրդակցութիւններ սկսելու համար: Վլատիմիր Փութինն անթոյլատրելի համարած է հետագայ սրացումը եւ յոյս յայտնած է իրավիճակի արագ կայունացման ու 9 նոյեմբերի 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման վերաբերեալ: Ռուսական կողմը վերահաստատած է
14 Մայիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերու՝ նախկին դիրքեր ետ վերադարձով. խօսած են Փաշինեանն ու Փութինը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նիկոլ Փաշինեանը ՌԴ նախագահին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի անկախ տարածք՝ Սիւնիքի մարզ ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի մասին:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը նախագահ Փութինին տեղեկացուցած է նաեւ, որ ինք այսօր յանձնարարած է պաշտօնապէս դիմել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի ընթացակագրերու 2-րդ յօդուածին համապատասխան խորհրդակցութիւններ սկսելու համար:

Վլատիմիր Փութինն անթոյլատրելի համարած է հետագայ սրացումը եւ յոյս յայտնած է իրավիճակի արագ կայունացման ու 9 նոյեմբերի 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման վերաբերեալ: Ռուսական կողմը վերահաստատած է աշխոյժ միջնորդական ջանքերը շարունակելու իր տրամադրվածութիւնը` տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ապահովելու նպատակով:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ այս իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերու՝ նախկին դիրքեր ետ վերադարձով:

Ատրպէյճանը պէտք է հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու․ Մենենտես
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը պէտք է հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու․ Մենենտես

Չենք պատրաստուիր մեր տարածքներէն անգամ մէկ մեթր ետ քաշուիլ, Ատրպէյճանը պարտաւոր է հեռանալ. ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Չենք պատրաստուիր մեր տարածքներէն անգամ մէկ մեթր ետ քաշուիլ, Ատրպէյճանը պարտաւոր է հեռանալ. ՊՆ

ԱնցնիլՎեր