Ատրպէյճանցիները օրեր առաջ կրակած են Արցախի Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղացիներու ուղղութեամբ

Օրերս ատրպէյճանցիները կրակած են Արցախի Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ աշխատանքներ իրականցնող գիւղացիներու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնած է Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը: «Ապրիլի 7-ին, օրը ցերեկով գնդացիրով կրակել են դաշտում աշխատող քաղաքացիների վրայ, դաշտում աշխատող թրաքթորի ուղղութեամբ: Իմ կարծիքով թշնամին ճնշում է կիրառում դէպի Շուշի տանող ճանապարհը իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնելու համար»,-ըսած է ան` աւելցնելով, որ բարեբախտաբար, տուժածներ չկան: Նշենք, որ Սարուշէն գիւղը սահմանամերձ է, գիւղի մօտով ամէն օր դէպի Շուշի ատրպէյճանցիներ կ’երթեւեկեն: Գիւղը պատերազմէն ետք նորէն լիովին վերաբնակեցուած է: Դէպքի մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ մանրամասներ պատմած է Սարուշէնի բնակիչ Վիթալի Սարուխանեանը, որուն թրաքթորն ալ վնասուած էր կրակոցներէն:   «Դէպքը տեղի
12 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանցիները օրեր առաջ կրակած են Արցախի Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղացիներու ուղղութեամբ

Օրերս ատրպէյճանցիները կրակած են Արցախի Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ աշխատանքներ իրականցնող գիւղացիներու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնած է Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը:

«Ապրիլի 7-ին, օրը ցերեկով գնդացիրով կրակել են դաշտում աշխատող քաղաքացիների վրայ, դաշտում աշխատող թրաքթորի ուղղութեամբ: Իմ կարծիքով թշնամին ճնշում է կիրառում դէպի Շուշի տանող ճանապարհը իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնելու համար»,-ըսած է ան` աւելցնելով, որ բարեբախտաբար, տուժածներ չկան:

Նշենք, որ Սարուշէն գիւղը սահմանամերձ է, գիւղի մօտով ամէն օր դէպի Շուշի ատրպէյճանցիներ կ’երթեւեկեն: Գիւղը պատերազմէն ետք նորէն լիովին վերաբնակեցուած է:

Դէպքի մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ մանրամասներ պատմած է Սարուշէնի բնակիչ Վիթալի Սարուխանեանը, որուն թրաքթորն ալ վնասուած էր կրակոցներէն:
 

«Դէպքը տեղի է ունեցել ապրիլի 7-ին, 9:40-ի սահմանում, էդ ժամանակ մենք դաշտում աշխատում էինք, վարուցանքով էինք զբաղուում ու սկսել են կրակել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած կողքի գիւղից: Սկզբում կրակում էին հրացանից, բայց որ հեռաւորութիւնը շատ էր, օգուտ չէր տալիս, սկսեցին կրակել գնդացիրից: Թրաքթորի ապակին է ջարդել, արդէն վերանորոգել եմ: Կրակում են, որ մարդկանց մէջ խուճապ գցեն, որ իրենց բնակավայրերը լքեն»,-ըսած է ան:

Ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն 1915-1923 թուականներուն հայերու սպանութիւններն անուանէ որպէս ցեղասպանութիւն. Newsweek
Նախորդ նիւթը

Ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն 1915-1923 թուականներուն հայերու սպանութիւններն անուանէ որպէս ցեղասպանութիւն. Newsweek

Աշխարհի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 646 000 դէպք. ԱՀԿ
Յաջորդ նիւթը

Աշխարհի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 646 000 դէպք. ԱՀԿ

ԱնցնիլՎեր