Աշխարհի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 646 000 դէպք. ԱՀԿ

Ողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց թիւը գերազանցած է 134,95 մլն-ը՝ վերջին 24 ժամուան ընթացքին աւելնալով 646 863-ով: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է  Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տեղեկագրին մէջ: ԱՀԿ տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւն աշխարհի մէջ հասած է 2 918 752-ի, որմէ 10 712-ը գրանցուած է վերջին մէկ օրուան մէջ: ԱՀԿ-ն հաշուի կ’առնէ միայն պաշտօնապէս հաստատուած տեղեկութիւնները, որոնք կը տրամադրեն երկիրները: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին գրանցուած վարակման նոր դէպքերու աւելի քան 34 տոկոսը եղած է Եւրոպայի մէջ (222 804), երկրորդ տեղը զբաղցուցած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկան (184 717), երրորդ տեղը՝ Հարաւարեւելեան Ասիան (164 704): Վարակման ամէնէն շատ դէպքեր արձանագրուած են ԱՄՆ-ի, Պրազիլի,
12 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Աշխարհի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 646 000 դէպք. ԱՀԿ

Ողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց թիւը գերազանցած է 134,95 մլն-ը՝ վերջին 24 ժամուան ընթացքին աւելնալով 646 863-ով: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է  Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տեղեկագրին մէջ:

ԱՀԿ տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւն աշխարհի մէջ հասած է 2 918 752-ի, որմէ 10 712-ը գրանցուած է վերջին մէկ օրուան մէջ:

ԱՀԿ-ն հաշուի կ’առնէ միայն պաշտօնապէս հաստատուած տեղեկութիւնները, որոնք կը տրամադրեն երկիրները:

Վերջին 24 ժամուան ընթացքին գրանցուած վարակման նոր դէպքերու աւելի քան 34 տոկոսը եղած է Եւրոպայի մէջ (222 804), երկրորդ տեղը զբաղցուցած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկան (184 717), երրորդ տեղը՝ Հարաւարեւելեան Ասիան (164 704):

Վարակման ամէնէն շատ դէպքեր արձանագրուած են ԱՄՆ-ի, Պրազիլի, Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Թուրքիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Լեհաստանի եւ Քոլումպիայի մէջ:

Ատրպէյճանցիները օրեր առաջ կրակած են Արցախի Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղացիներու ուղղութեամբ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները օրեր առաջ կրակած են Արցախի Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղացիներու ուղղութեամբ

Սարուշէնի միջադէպէբ ետք Շոշ-Սարուշէն-Կարմիր Շուկայ ներպետական մայրուղիին վրայ յենակէտեր պիտի աւելցուին. Արցախի ՆԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Սարուշէնի միջադէպէբ ետք Շոշ-Սարուշէն-Կարմիր Շուկայ ներպետական մայրուղիին վրայ յենակէտեր պիտի աւելցուին. Արցախի ՆԳՆ

ԱնցնիլՎեր