Ատրպէյճան կը հրաժարի արտասահման մնացած իր քաղաքացիներէն

Ատրպէյճանի սփիւռքի հետ աշխատանքներու գծով պետական մարմին-կոմիտէն արտասահման բնակող իր քաղաքացիներուն դիմած է հայրենիք չվերադառնալու, իրենց հարազատներուն «Քորոնա» ժահրով վարակելու վտանգին չդիմելու, Ատրպէյճանի առողջապահութեան համակարգին լրացուցիչ բեռ չստեղծելու համար եւ խորհուրդ տուած է մնալ բնակած երկիրները: Ըստ «Ազատլիկի», այդ յայտարարութիւնը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է արտասահման բնակող եւ ուսանող Ատրպէյճանցիներուն քով: Անոնք այդ գնահատած են որպէս հայրենիքի կողմէն իրենցմէ հրաժարելու եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու գործողութիւն: Թերթը Պաքուի իշխանութիւններու այդ քայլը որակած է խայտառակութիւն, այն պարագային, երբ բոլոր պետութիւնները ամէն միջոց կը ձեռնարկեն իրենց քաղաքացիներուն հայրենիք վերադարձնելու, առողջութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու համար:
17 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճան կը հրաժարի արտասահման մնացած իր քաղաքացիներէն

Ատրպէյճանի սփիւռքի հետ աշխատանքներու գծով պետական մարմին-կոմիտէն արտասահման բնակող իր քաղաքացիներուն դիմած է հայրենիք չվերադառնալու, իրենց հարազատներուն «Քորոնա» ժահրով վարակելու վտանգին չդիմելու, Ատրպէյճանի առողջապահութեան համակարգին լրացուցիչ բեռ չստեղծելու համար եւ խորհուրդ տուած է մնալ բնակած երկիրները:

Ըստ «Ազատլիկի», այդ յայտարարութիւնը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է արտասահման բնակող եւ ուսանող Ատրպէյճանցիներուն քով: Անոնք այդ գնահատած են որպէս հայրենիքի կողմէն իրենցմէ հրաժարելու եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու գործողութիւն: Թերթը Պաքուի իշխանութիւններու այդ քայլը որակած է խայտառակութիւն, այն պարագային, երբ բոլոր պետութիւնները ամէն միջոց կը ձեռնարկեն իրենց քաղաքացիներուն հայրենիք վերադարձնելու, առողջութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու համար:

ԶԼՄ-ներով «Քորոնա» ժահրի մասին հրապարակումներու սահմանափակման մասին
Նախորդ նիւթը

ԶԼՄ-ներով «Քորոնա» ժահրի մասին հրապարակումներու սահմանափակման մասին

«Նոր Արցախ» դաշինքի ընտրարշաւի շրջանակներուն մէջ հանդիպում գիւղական համայնքներու հետ. Առաջնահերթութիւնը գիւղատնտեսութիւնն է
Յաջորդ նիւթը

«Նոր Արցախ» դաշինքի ընտրարշաւի շրջանակներուն մէջ հանդիպում գիւղական համայնքներու հետ. Առաջնահերթութիւնը գիւղատնտեսութիւնն է

ԱնցնիլՎեր