Ատրպէյճն ցուցումներ կու տայ Euronews-ին եւ Le Figaro թերթին

Ատրպէյճանի գռեհկութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ որոշած են Euronews-ին եւ Le Figaro-ին ցուցումներ տալ, թէ ինչպէս լուսաբանել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շրջափակման վերաբերեալ իրավիճակը։ Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները կը հաղորդեն, որ ատրպէյճանական մամուլի խորհուրդը դիմած է Euronews-ի ֆրանսական ծառայութեան եւ Le Figaro թերթին՝ Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաքի «միակողմանի լուսաբանման» առնչութեամբ։ Մասնաւորապէս, խորհուրդն «ափսոսանք յայտնած Euronews-ի եւ Le Figaro-ի կողմէ ցոյցի ժամանակ ելոյթ ունեցած որոշ անձանց ելոյթի բովանդակութեան կանխակալ հեռարձակման կապակցութեամբ»։ Բացի այդ, խորհուրդը կոչ ըրած է Euronews-ին եւ Le Figaro-ին «նրբանկատօրէն վերաբերիլ ղարաբաղեան իրողութիւններուն» եւ «հարթակ չտալ անոնց, որոնք կ’ուզեն կրկին իրականացնել իրենց քաղաքական արկածախնդիր ծրագրերը Հարաւային Կովկասի մէջ»։ Յիշեցնենք, որ աւելի քան
27 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճն ցուցումներ կու տայ Euronews-ին եւ Le Figaro թերթին

Ատրպէյճանի գռեհկութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ որոշած են Euronews-ին եւ Le Figaro-ին ցուցումներ տալ, թէ ինչպէս լուսաբանել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շրջափակման վերաբերեալ իրավիճակը։

Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները կը հաղորդեն, որ ատրպէյճանական մամուլի խորհուրդը դիմած է Euronews-ի ֆրանսական ծառայութեան եւ Le Figaro թերթին՝ Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաքի «միակողմանի լուսաբանման» առնչութեամբ։ Մասնաւորապէս, խորհուրդն «ափսոսանք յայտնած Euronews-ի եւ Le Figaro-ի կողմէ ցոյցի ժամանակ ելոյթ ունեցած որոշ անձանց ելոյթի բովանդակութեան կանխակալ հեռարձակման կապակցութեամբ»։ Բացի այդ, խորհուրդը կոչ ըրած է Euronews-ին եւ Le Figaro-ին «նրբանկատօրէն վերաբերիլ ղարաբաղեան իրողութիւններուն» եւ «հարթակ չտալ անոնց, որոնք կ’ուզեն կրկին իրականացնել իրենց քաղաքական արկածախնդիր ծրագրերը Հարաւային Կովկասի մէջ»։

Յիշեցնենք, որ աւելի քան երկու շաբաթ է Ատրպէյճանը լիակատար շրջափակման մէջ կը պահէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ «յարգանք» դրսեւորելով ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու եւ մասնաւորապէս ղարաբաղցիներու իրաւունքներու նկատմամբ։ Նախօրէին հանրահաւաք տեղի ունեցած է՝ ի նշան Ստեփանակերտի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններու դէմ բողոքի։

Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները ԱՀ բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ լուրեր կը տարածեն․ ԱՀ ԱԱԾ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները ԱՀ բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ լուրեր կը տարածեն․ ԱՀ ԱԱԾ

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ալիեւին
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ալիեւին

ԱնցնիլՎեր