Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ճէյհուն Պայրամովի հետ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները հեռախօսազրոյց ունեցած են, կը հաղորդէ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը: Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը միտքեր փոխանակած են սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի ձեւաւորման, խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ: Նախորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ աւելի քան չորս ժամ տեւած բանակցութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուած էին մինչեւ Ապրիլի վերջ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու սահմանագծման հարցերով երկկողմ յանձնաժողով ստեղծել, որ օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքով անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերով: Փաշինեանն ու Ալիեւը նաեւ արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:
12 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ճէյհուն Պայրամովի հետ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները հեռախօսազրոյց ունեցած են, կը հաղորդէ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը միտքեր փոխանակած են սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի ձեւաւորման, խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ:

Նախորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ աւելի քան չորս ժամ տեւած բանակցութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուած էին մինչեւ Ապրիլի վերջ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու սահմանագծման հարցերով երկկողմ յանձնաժողով ստեղծել, որ օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքով անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերով: Փաշինեանն ու Ալիեւը նաեւ արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:

Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը
Նախորդ նիւթը

Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը

Միջ-դպրոցական Ասմունքի Մրցում՝ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Միջ-դպրոցական Ասմունքի Մրցում՝ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ

ԱնցնիլՎեր