Միջ-դպրոցական Ասմունքի Մրցում՝ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ

Կազմակերպութեամբ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Շաբաթ,9 Ապրիլ 2022-ին, «Եկաւեան մատենադարան»ի սրահին մէջ տեղի ունեցած է միջ-դպրոցական ասմունքի աւանդական մրցումը: Այս առթիւ միութեան դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուած է հաղորդագրութիւն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաջնային նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայկական մշակոյթի եւ հայոց լեզուի պահպանումն ու զարգացումը: Տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած աւանդոյթները ցոյց կու տան այդ մէկը: Այս շրջագիծէն ներս Ասմունքի մրցումը լաւագոյն խթանը կը հանդիսանայ հայ աշակերտին սիրտն ու հոգին առնչելու հայ գրականութեան հետ: Յատկապէս ներկայ դժուար պայմաններու մէջ, օժանդակութեամբ Տիար Զաւէն Եկաւեանի, գործակցաբար Հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցիչներու, միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումը առիթ եղաւ անգամ մը եւս քաջալերելու Հալէպահայ
12 Ապրիլի 2022
5 ր. ընթերցում
Միջ-դպրոցական Ասմունքի Մրցում՝ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ

Կազմակերպութեամբ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Շաբաթ,9 Ապրիլ 2022-ին, «Եկաւեան մատենադարան»ի սրահին մէջ տեղի ունեցած է միջ-դպրոցական ասմունքի աւանդական մրցումը:

Այս առթիւ միութեան դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուած է հաղորդագրութիւն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաջնային նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայկական մշակոյթի եւ հայոց լեզուի պահպանումն ու զարգացումը: Տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած աւանդոյթները ցոյց կու տան այդ մէկը:

Այս շրջագիծէն ներս Ասմունքի մրցումը լաւագոյն խթանը կը հանդիսանայ հայ աշակերտին սիրտն ու հոգին առնչելու հայ գրականութեան հետ:

Յատկապէս ներկայ դժուար պայմաններու մէջ, օժանդակութեամբ Տիար Զաւէն Եկաւեանի, գործակցաբար Հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցիչներու, միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումը առիթ եղաւ անգամ մը եւս քաջալերելու Հալէպահայ աշակերտները, որպէսզի գուրգուրան մայրենիին. Շաբաթ,9 Ապրիլ 2022, երեկոյեան ժամը 5-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Եկաւեան մատենադարան»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական Ասմունքի մրցում, ներկայութեամբ՝ աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու:

Բացման խօսքը կատարեց Միութեան ատենապետ Տոքթ. Յարութիւն Նազարեան: Ան բարձր գնահատեց յատկապէս ուսուցիչներուն ներդրումը սոյն ձեռնարկի յաջողութեան մէջ:

Աշակերտները ելոյթ ունեցան մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ:

Առաջին դիրքը գրաւեց Արփի Գրտանեան (Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերճեան Վարժարան),

Երկրորդ դիրքը՝ Արինա Պօշկէզէնեան (Քարէն Եփփէ ազգ. Ճեմարան),

Իսկ Երրորդ դիրքը՝ Լոռի Մաթոսեան (Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարան):

Աւարտին յատուկ գնահատագիրներ տրուեցան դատական կազմի անդամներուն, նիւթական պարգեւներ՝ բոլոր մասնակիցներուն ու յաղթողներուն:

Վարձքերնիդ կատար:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

 

 

 

 

Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ճէյհուն Պայրամովի հետ
Նախորդ նիւթը

Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ճէյհուն Պայրամովի հետ

Վա՛ր դրէք մանթատները. Սէյրան Օհանեանը Արցախի դրօշը տեղադրեց ԱԺ ամպիոնին, ընդդիմութիւնը հեռացաւ դահլիճէն
Յաջորդ նիւթը

Վա՛ր դրէք մանթատները. Սէյրան Օհանեանը Արցախի դրօշը տեղադրեց ԱԺ ամպիոնին, ընդդիմութիւնը հեռացաւ դահլիճէն

ԱնցնիլՎեր