Արթուր Ալեքսանեան Եւրոպայի ախոյեանի կոչման համար պիտի պայքարի

Ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի եռակի, Եւրոպայի քառակի ախոյեան 97 քկ քաշային Արթուր Ալեքսանեանը անցաւ Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչ: «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` Հռոմ քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի առաջնութեան  60 քկ քաշային Գէորգ Ղարիպեանը անցաւ եզրափակիչ, ուր պիտի մրցի Թուրքիան ներկայացնող Քերեմ Ճամալի հետ: 82 քկ քաշային կարգի Ռուբէն Ղարիպեանը քառորդ եզրափակիչին  5:3 հաշուով զիջած է Իտալիան ներկայացնող Չիրո Ռոսոյին: 97 քկ քաշային կարգի կիսաեզրափակիչին Արթուր Ալեքսանեանը մրցած է Ֆինլանտայէն Մաթի Էլիաս Քուոսմանէնի հետ: Ալեքսանյանը յաղթանակ տօնեց 8:1 հաշուով: Հայ ըմբիշը պիտի մրցի Եւրոպայի ախոյեանի կոչման համար: Աւելի վաղ` պայքարէն դուրս մնացած էր 72 քկ քաշային Մալխաս Ամոյեանը, որ մեկնարկային գօտեմարտին տանուլ տուած էր: Եւրոպայի այս առաջնութիւնը վարկանիշային չէ Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու համար:
12 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Արթուր Ալեքսանեան Եւրոպայի ախոյեանի կոչման համար պիտի պայքարի

Ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի եռակի, Եւրոպայի քառակի ախոյեան 97 քկ քաշային Արթուր Ալեքսանեանը անցաւ Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչ:

«Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` Հռոմ քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի առաջնութեան  60 քկ քաշային Գէորգ Ղարիպեանը անցաւ եզրափակիչ, ուր պիտի մրցի Թուրքիան ներկայացնող Քերեմ Ճամալի հետ:

82 քկ քաշային կարգի Ռուբէն Ղարիպեանը քառորդ եզրափակիչին  5:3 հաշուով զիջած է Իտալիան ներկայացնող Չիրո Ռոսոյին:

97 քկ քաշային կարգի կիսաեզրափակիչին Արթուր Ալեքսանեանը մրցած է Ֆինլանտայէն Մաթի Էլիաս Քուոսմանէնի հետ: Ալեքսանյանը յաղթանակ տօնեց 8:1 հաշուով: Հայ ըմբիշը պիտի մրցի Եւրոպայի ախոյեանի կոչման համար:

Աւելի վաղ` պայքարէն դուրս մնացած էր 72 քկ քաշային Մալխաս Ամոյեանը, որ մեկնարկային գօտեմարտին տանուլ տուած էր:

Եւրոպայի այս առաջնութիւնը վարկանիշային չէ Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու համար:

Վերսալի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգ պիտի կայանայ
Նախորդ նիւթը

Վերսալի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգ պիտի կայանայ

Ծանր  բօթ մը Արցախէն. Զոհուած են երկու զինուորներ
Յաջորդ նիւթը

Ծանր բօթ մը Արցախէն. Զոհուած են երկու զինուորներ

ԱնցնիլՎեր