Արտեմ Նանեճեանի Կորուստը

Հայ ազգը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ը կորսնցուցին նուիրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը, անշահախնդիր մարդ մը, Արտեմ Նանեճեանը: Կորսնցուցինք հայ լայնախոհ եւ ազտականութեան հաւատացող գլխագիր մարդ մը, որ կը ստանձնէր կուսակցութիւնը ներկայացնելու պարտականութիւնը կարգ մը կառոյցներու մէջ:     Հայ ազգային ոգիով թրծուած փոքր տարիքէն, Նանեճեան ազգասէր ընտանիքի յարկին տակ, Արտեմ Նանեճեան կը յաճախէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանը: Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ: Իսկ երկրաչափութեան համալսարանական ուսումը կը մնայ կիսաւարտ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Փոքր տարիքէն կ’անդամակցի Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Ալէք Մանուկեան Կեդրոնի սկաուտական շարժումին: Կ’անդամակցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ երկար տարիներ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ իր
7 Մարտի 2021
6 ր. ընթերցում
Արտեմ Նանեճեանի Կորուստը

Հայ ազգը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ը կորսնցուցին նուիրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը, անշահախնդիր մարդ մը, Արտեմ Նանեճեանը: Կորսնցուցինք հայ լայնախոհ եւ ազտականութեան հաւատացող գլխագիր մարդ մը, որ կը ստանձնէր կուսակցութիւնը ներկայացնելու պարտականութիւնը կարգ մը կառոյցներու մէջ:    

Հայ ազգային ոգիով թրծուած փոքր տարիքէն, Նանեճեան ազգասէր ընտանիքի յարկին տակ, Արտեմ Նանեճեան կը յաճախէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանը: Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ: Իսկ երկրաչափութեան համալսարանական ուսումը կը մնայ կիսաւարտ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:

Փոքր տարիքէն կ’անդամակցի Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Ալէք Մանուկեան Կեդրոնի սկաուտական շարժումին: Կ’անդամակցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ երկար տարիներ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ իր ակումբին եւ Շրջանային վարչութեան մէջ: Ան բազմիցս ծառայած է որպէս կուսակցութեան ներկայացուցիչը տարբեր կառոյցներու մէջ: Ընկեր Արտեմ ծառայասէր եւ լայնախոհ անձ մըն էր: Ուր որ գործ կար, հոն էր մեր սիրելի ընկերը: Պատասխանտուութիւն վերցնելը իրեն համար հաճոյք էր: Հաւասարակշուած անձ մըն էր եւ բարի գործը իր կենսաձեւին վերածած էր: Մանրուքներով զբաղող մը չէր ան, այլ մեծ գործին եւ անոր արդիւնքին կը հաւատար: Ներելու հազուագիւտ առաքինութիւնը ունէր Արտեմ եւ հայութեան մէջ այդ առաքինութիւնը միշտ պէտք կ’ըլլայ, նկատի առնելով աշխատող մարդուն հանդէպ մանրուքներով զբաղող մարդոց երբեմն ժխտական վերաբերմունքը: Երբ զինք այցելէի, միշտ կը խօսէինք նոր ծրագիրներու մասին մեր ազգային կառոյցները յառաջ տանելու համար: Կ’ուրախանար մեր Արմէնական Պատանեկան շարժումի գործունէութեամբ ու մեզ կը քաջալերէր:

Բնակարանը ըլլալով Ժմեյզիի շրջանին մէջ, 4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի պայթումին վիրաւորուած էր եւ ամիսներ ետք չկրցաւ վերականգնել իր առողջութիւնը ու զոհ դարձաւ այդ անմարդկային արարքին:

Ընկեր Արտեմ Նանեճեան միշտ պիտի յիշուի որպէս յարգուած, հաւասարակշռուած, համեստ ընկեր, միշտ ծառայելու պատրաստ: Այսօր մենք կորսնցուցինք այս առաքինութիւնները ունեցող ազնիւ ընկեր մը: Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին: Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Արտեմ:      

 

            Վիգէն Կ.Թոսունեան     

Տեսանիւթի պատկեր
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինյանի ծաղիկներ է խոնարհել Վազգեն Սարգսյանի կիսանդրու մոտ

Իջեւանի եւ Շամշատինի մէջ հակառակորդի ուժերու տեղաշարժի մասին լուրերը անհիմն են. ՀՀ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Իջեւանի եւ Շամշատինի մէջ հակառակորդի ուժերու տեղաշարժի մասին լուրերը անհիմն են. ՀՀ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր