Արցախի հարցով ծածուկ բանակցուիւններու մասին խօսակցութիւններն անտրամաբանական են. վարչապետը ընդունած է ԱՀ պատուիրակութիւնը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր` Ապրիլ 29-ին ընդունած է Արցախի Հանրապետութենէն ժամանած պատուիրակութիւնը` նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ: Ան իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս նշեց, որ թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, թէ՛ յետոյ Հայաստանը մշտապէս իր աշխատանքները համաձայնեցուցած է Արցախի հետ: «Կարեւոր ենք համարել, որ Արցախի իշխանութիւնները լիարժէք տեղեկացուած լինեն մեր ծրագրերի, անելիքների վերաբերեալ, այդ թւում` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերող բանակցութիւնների բովանդակութեանը եւ ընթացքին, մարտահրաւէրներին եւ հնարաւորութիւններին: Այս սկզբունքը պահուել է միշտ, եւ շարունակելու է այդպէս լինել: Գիտէք, ես երբեմն մտածում եմ, թէ այդ մասին յատուկ շեշտադրում անելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ դա այնքան տրամաբանական փաստ է, որ շեշտադրելը նոյնիսկ երբեմն կարող է աւելորդ
29 Ապրիլի 2022
7 ր. ընթերցում
Արցախի հարցով ծածուկ բանակցուիւններու մասին խօսակցութիւններն անտրամաբանական են. վարչապետը ընդունած է ԱՀ պատուիրակութիւնը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր` Ապրիլ 29-ին ընդունած է Արցախի Հանրապետութենէն ժամանած պատուիրակութիւնը` նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:

Ան իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս նշեց, որ թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, թէ՛ յետոյ Հայաստանը մշտապէս իր աշխատանքները համաձայնեցուցած է Արցախի հետ:

«Կարեւոր ենք համարել, որ Արցախի իշխանութիւնները լիարժէք տեղեկացուած լինեն մեր ծրագրերի, անելիքների վերաբերեալ, այդ թւում` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերող բանակցութիւնների բովանդակութեանը եւ ընթացքին, մարտահրաւէրներին եւ հնարաւորութիւններին: Այս սկզբունքը պահուել է միշտ, եւ շարունակելու է այդպէս լինել:

Գիտէք, ես երբեմն մտածում եմ, թէ այդ մասին յատուկ շեշտադրում անելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ դա այնքան տրամաբանական փաստ է, որ շեշտադրելը նոյնիսկ երբեմն կարող է աւելորդ լինել: Բայց եւս մէկ անգամ ուզում եմ արձանագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման թիւ մէկ շահառուն Արցախն է եւ Արցախի ժողովուրդը: Եւ, հետեւապէս, այնպիսի բովանդակութիւն, որ բանակցուի եւ իրագործուի ծածուկ, ուղղակի անտրամաբանական է, եւ նման բան երեւակայելն ուղղակի անհնար է: Այս է պատճառը, որ մենք մշտապէս, պարոն նախագահ, Ձեզ հետ անձամբ կապի մէջ ենք: Նաեւ մեր միւս գործընկերներն աշխատում են զուգահեռ Արցախի գործընկերների հետ», ըսաւ ան:

Նիկոլ Փաշինեան` դիմելով Արցախի նախագահին` նշեց. «Կարեւոր եմ համարում եւ բարձր եմ գնահատում Ձեր` վերջին շրջանում արած մի յայտարարութիւն այն մասին, որ Արցախի իշխանութիւնները նոյնպէս, ըստ էութեան, որդեգրում են խաղաղութեան օրակարգը: Եւ ես ուզում եմ ասել, որ խաղաղութեան օրակարգն ամենեւին էլ պարտութեան օրակարգ չէ:

Խաղաղութեան օրակարգը պատերազմի արհաւիրքը եւ պատերազմին յաջորդած դժուարութիւնները յաղթահարելու, ժողովրդի անվտանգութիւնը, իրաւունքները, ապագան երաշխաւորելու օրակարգ է: Եւ պիտի ասեմ, որ շատ դաժան, դժուար աշխատանքի արդիւնքում ես պէտք է այսօր արձանագրեմ, որ տեսնում եմ այն ճանապարհը, ընդ որում` տեսնում եմ այն քայլերի յաջորդականութիւնը, որոնք մեզ պէտք է յանգեցնեն այն հանգրուանին, որի մասին մենք անընդհատ խօսում ենք, քննարկում ենք եւ որի մասին բարձրաձայնել ենք: Այն է` Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքների երաշխաւորումը, եւ, ինչպէս նախկինում ասել եմ, շատ կարեւոր սկզբունք կայ, որ արցախցին ապրի Արցախում, իրեն համարի արցախցի, ղարաբաղցի եւ հայ: Եւ այս է այն օրակարգը, որ մենք համատեղ պէտք է առաջ մղենք», յայտնած է Փաշինեանը:

Համածառայակիցի արձակած կրակոցէն 20-ամեայ զինծառայողը մահացած է. ՊՆ
Նախորդ նիւթը

Համածառայակիցի արձակած կրակոցէն 20-ամեայ զինծառայողը մահացած է. ՊՆ

ՀՀ կառավարութիւնը լրացուցիչ 20 միլիառ դրամ պիտի յատկացնէ Արցախի բնակարանաշինական ծրագրերուն համար. ԱՀ պետնախարար
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ կառավարութիւնը լրացուցիչ 20 միլիառ դրամ պիտի յատկացնէ Արցախի բնակարանաշինական ծրագրերուն համար. ԱՀ պետնախարար

ԱնցնիլՎեր