Արցախի պաշարման վերջ տալու նպատակով՝ համացանցային արշաւ

Մինչ 120,000 արցախահայեր արդէն երկրորդ ամիսն ըլլալով կը շարունակեն շրջափակուած մնալ Ատրպէյճանի պարտադրած ապօրինի պաշարումին պատճառով, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը ձեռնարկած է զանազան միջոցառումներու՝ արդարութեան պահանջի եւ բողոքի իր ձայնը բարձրացնելով յանուն Արցախի ապահովութեան: Այդ քայլերէն մէկն է համացանցային յատուկ կայքի մը հաստատումը, որ առիթ կ՛ընծայէ դիմելու Սպիտակ տան եւ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պահանջելով անկէ, որ անմիջական քայլերու դիմէ՝ վերջ դնելու համար Արցախի պաշարման։ Այցելեց՛էք կայքը՝ հայութեան ձայնը աւելի ազդու կերպով լսելի դարձնելու եւ պահանջելու Ուաշինկթընէն, որ խստօրէն դատապարտէ Պաքուի քայլերը եւ ապահովէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին վերաբացումը։ Արշաւին միջոցաւ նաեւ կոչ կ՛ըլլայ առնուազն 100 միլիոն տոլարի անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու Արցախի հայութեան մարդասիրական
13 Հունվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Արցախի պաշարման վերջ տալու նպատակով՝ համացանցային արշաւ

Մինչ 120,000 արցախահայեր արդէն երկրորդ ամիսն ըլլալով կը շարունակեն շրջափակուած մնալ Ատրպէյճանի պարտադրած ապօրինի պաշարումին պատճառով, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը ձեռնարկած է զանազան միջոցառումներու՝ արդարութեան պահանջի եւ բողոքի իր ձայնը բարձրացնելով յանուն Արցախի ապահովութեան: Այդ քայլերէն մէկն է համացանցային յատուկ կայքի մը հաստատումը, որ առիթ կ՛ընծայէ դիմելու Սպիտակ տան եւ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պահանջելով անկէ, որ անմիջական քայլերու դիմէ՝ վերջ դնելու համար Արցախի պաշարման։

Այցելեց՛էք կայքը՝ հայութեան ձայնը աւելի ազդու կերպով լսելի դարձնելու եւ պահանջելու Ուաշինկթընէն, որ խստօրէն դատապարտէ Պաքուի քայլերը եւ ապահովէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին վերաբացումը։ Արշաւին միջոցաւ նաեւ կոչ կ՛ըլլայ առնուազն 100 միլիոն տոլարի անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու Արցախի հայութեան մարդասիրական կարիքներուն եւ բարձրաստիճան առաքելութիւն մը ուղարկելու միջանցքը, տեղւոյն վրայ արժեւորելու համար կացութիւնը։ 

Նաեւ Պաքուի դէմ պատժական քայլեր կը պահանջուին եւ Արցախի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժի մը հաստատումը կենսական կը նկատուի։

“Hayastan” All Armenian Fund: Immediate Efforts Are Required for Operating the Stepanakert Airport for Airlift of Emergency Humanitarian Aid
Նախորդ նիւթը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ. Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումը անհապաղ ջանքեր կը պահանջէ՝ արտակարգ մարդասիրական օգնութիւն օդով հասցնելու համար

506 արցախցի չեն կրնար տուն վերադառնալ. ՀՀ կառավարութիւնը գումար տրամադրեց
Յաջորդ նիւթը

506 արցախցի չեն կրնար տուն վերադառնալ. ՀՀ կառավարութիւնը գումար տրամադրեց

ԱնցնիլՎեր